• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Տեառնընդառաջ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Թեմէն Ներս

20.02.2017   20:30

Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Թեմէն ներս հանդիսաւորապէս նշուեցան Տեառնընդառաջի տօնակատարութիւնը: Երկուշաբթի, 13 Փետրուար 2017-ին, Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Երեքշաբթի, 14 Փետրուար 2017-ին Ապու Տապիի Ս. Նահատակաց եկեղեցիներէն ներս: Տեառնընդառաջի արարողութեանց նախագահեց թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ Տ. Մեսրոպ Ծ. Վրդ. Սարգիսեան:

Այս առիթով Գերապատիւ Հայր Սուրբը իր պատգամին մէջ խօսեցաւ հաւատացեալ ժողովուրդին Տեառնընդառաջի խորհուրդի մասին, մատնանշելով Աստուծոյ օրհնութիւնը ու շնորհքը որ կը տրուի նորածինին երբ կ’ընծայուի Աստուծոյ ու Եկեղեցւոյ, ինչպէս որ Յովսէփն ու Մարիամ ընծայեցին Աստուածորդին՝ Յիսուս մանուկը Տաճարին իր ծնունդէն քառասուն օրեր ետք: Գերապատիւ Հայր Սուրբը իր պատգամին մէջ նաեւ անդրադարձաւ Հայ Եկեղեցւոյ աւանդութիւներուն մասին Տեառնընդառաջի տօնին առնչուող:

Արարողութեան աւարտին, մանուկները ընծայուեցան Աստուծոյ Ս. խորանին եւ օրհնուեցան Գերապատիւ Հայր Սուրբին կողմէն:

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Media Partner