«Ինսթիթիւ Ֆրանսէ»-ի եւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Կազմակերպութեամբ՝ Վարդան Տէրունեանի Վաւերագրական Լուսանկարներու Ցուցահանդէս

Վաւերագրական լուսանկարչութիւնը ժողովրդային լուանկարչութեան ձեւ մըն է, որ կ՛արձանագրէ մասնայատուկ կամ պատմական դէպքեր ինչպէս նաեւ հաւաքականութեան մը առօրեան:
Նման դպրոցի մը պատկանող լուսանկարիչը կը փորձէ յաւերժացնել մասնայատուկ նիւթ մը կամ առարկաներ ի մասնաւորի տուեալ ժամանակաշրջանի մէջ ապրող մարդկանց կեանքը՝ լուսանկարներու միջոցաւ:
Հայազգի նշանաւոր լուսանկարիչ՝ Վարդան Տէրունեան պատկանած է այդ դպրոցին նկարահանելով Հայ գաղթական կեանքը: 1922- 1936 ժամանակաշրջանին ան լուսանկարելով Հալէպի հիւղաւանները, իր ձեւով յաւերժացուցած է անոնց պատմութիւնը զայն ժառանգ ձգելով յաջորդող սերունդներուն:
Ահաւասիկ այս արժէքաւոր նկարներուն ցուցահանդէսն է, որ Լիբանանահայութիւնը առիթը ունեցաւ ըմբոշխնելու ներկայ գտնուելով «Ինսթիթիւ Ֆրանսէ»-ի եւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան կազմակերպած ցուցահանդէսին, որուն բացումը կատարուեցաւ Հինգշաբթի 9 Ապրիլ 2015-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին «Ինսթիթիւ Ֆրանսէ»-ի ցուցասրահին մէջ, Պէյրութ:
Ցուցահանդէսի բացումին ներկայ եղան ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառին ներկայացուցիչը Գերշ. Տ. Նորայր Եպս. Աշըքեան, Հայ Կաթողիկէ Կաթողիկոս-Պատրիարք Գերապատիւ Տ. Ներսէս Պետրոս 19-րդի ներկայացուցիչ՝ Գերապատիւ Հայր Աւետիք Վրդ. Յովհաննէսեան, Լիբանանի մօտ Ֆրանսայի Դեսպան՝ Պրն. Փաթրիս Փաուլի, Լիբանանի մօտ ՀՀ Վսեմաշուք Դեսպան՝ Պրն. Աշոտ Քոչարեանը, Լիբանանի մօտ ՀՀ Հիւպատոս՝ Պրն. Աշոտ Վարդանեանը, ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ՝ ընկ. Միքայէլ Վայէճեան, Ֆրանսայի դեսպանատան անձնակազմը, պաշտօնական հիւրեր, ինչպէս նաեւ Հայ եւ օտար մշակութասէր եւ Հայ ժողովուրդի անցեալով հետաքրքրուած հանրութիւն մը, որոնց առջեւ բացման խօսքով հանդէս եկաւ Լիբանանի մօտ Ֆրանսայի Դեսպանատան Մշակութային համագործակցութեան եւ գործունէութեան համակարգող եւ «Ինսթիթիւ Ֆրանսէ»-ի տնօրէն՝ Պրն. Հանրի Լէպրէթոն:
Պրն. Լէպրէթոն իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ գործած Հայ մեծ լուսանկարիչ Վարդան Տէրունեանի կեանքին ու գործին: Ան յայտնեց, որ Տէրունեանի լուսանկարները մեծ մասամբ, որպէս փոսթային բացիկներ լայն տարածում գտած են: Լուսանկարները ներկայացուցած են Հալէպի եւ անոր շրջակայքը հաստատուած գաղթական Հայ ժողովուրդի կեանքը: Պրն. Լէպրէթոն գոհունակութիւն յայտնեց, որ 1922 – 1936 ժամանակաշրջանին Տէրունեանի լուսանակարուած բազմաթիւ գործերէն փրկուած են 72 լուսանկարներ ու պահուած Թէքէեան Մշակութային Միութեան արխիւներուն մէջ, որոնք ահաւասիկ այսօր կը ցուցադրուին հանրութեան:
Ապա խօսք առաւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հիմնադիրներու Մարմնի ատենապետ, Պետական նախկին երեսփոխան Ընկեր Յակոբ Գասարճեան ԹՄՄ-ի խօսքը փոխանցելու:
Ընկեր Գասարճեան իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանսական պետութեան, որ միշտ դիկունք կանգնած է Հայ ժողովուրդին եւ անոր արդար Դատին եւ 29 Յունուար 2001-ին պաշտօնապէս ընդունած Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը: Իր խօսքին աւարտին, Ընկ. Գասարճեան շնորհակալութիւն յայտնեց «Ինսթիթիւ Ֆրանսէ»-ի այս ազնիւ գործակցութեան համար՝ հանրութեան հրամցնելու Հայ անցեալը վաւերագրական լուսանկարներու այս ցուցահանդէսին միջոցաւ շեշտելով, որ տակաւին շատ գործ կայ միասնաբար ընելիք մինչեւ իրագործումը Հայ ժողովուրդի արդար Դատին:
Ընկեր Գասարճեանին խօսքին յաջորդեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան Վսեմաշուք Դեսպան Պրն. Աշոտ Քոչարեանի խօսքը:
Վսեմաշուք դեսպանը իր խօսքին մէջ շեշտեց, թէ ցուցահանդէսը անզուգական կերպով կը ներկայացնէ մահէն մազապուրծ Հայ ժողովուրդին շատ դժուարին պայմաններու տակ Հալէպ քաղաքին մէջ հաստատուիլը եւ վերականգնելու փորձը: Պրն Դեսպանը յիշեցուց, թէ դժբախտաբար պատմութիւնը իր մէկ այլ տարբերակով կրկնելով ինքզինք այսօր դարասկիզբի այդ լուսանկարներուն տէր հայորդիներու ժառանքները դարձեալ տեղահան՝ գաղթական դարձած են սուրիոյ արհաւիրքներուն պատճառով, որոնցմէ շուրջ 12,000 ընտանիք ապահով հաստատուած են Հայաստանի մէջ հիւրնկալուելով հայրենի պետութենէն, որ ոչ մէկ ջանք կը խնայէ ապահովելու անոնց բարօրութիւնը:’: Հայոց Պատմութիւնը գոյատեւման պայքարի պատմութիւն մըն է աւելցուց մեծարգոյ դեսպանը: 100-ամեայ Ցեղասպանութեան հետեւանքները տակաւին կ՛ապրի հայութիւնը ըսաւ ան, որ ի տարբերութիւն անցեալէն ան այսօր ունի անկախ եւ հզօր հայկական պետութիւն մը, որ երաշխաւորն է Հայ ժողովուրդի գոյատեւման:
Ֆրանսայի Վսեմաշուք Դեսպան Պրն. Փաթրիս Փաուլի իր կարգին իր խօսքին մէջ յիշեցուց, թէ Վարդան Տէրունեանի լուսանկարները առնուած են օրին՝ Ֆրանսական հոգատարութեան ներքեւ գտնուող սուրիոյ մէջ ապաստանած Հայ ժողովուրդի զաւակներուն առօրեայ կեանքէն:
Ան շեշտեց, թէ Ֆրանսա միշտ Հայ ժողովուրդին կողքին եղած է եւ կը շարունակէ ըլլալ: Պրն. Դեսպանը հաստատեց, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով Ֆրանսային Նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ պիտի այցելէ Հայաստան պաշտօնապէս մասնակցելու ոգեկոչման հանդիսութեան: Իր խօսքին աւարտին Պրն. Փաուլի շնորհակալութիւն յայտնեց Ընկեր Գասարճեանին եւ իր միջոցաւ ԹՄՄ-ին, որ Հայ մշակոյթը լաւագոյնս կը ծանօթացնեն հանրութեան:
Պրն. Դեսպանին խօսքէն ետք, Սէն Ժոզէֆ Համալսարանի Գրադարանի արեւելեան վաւերագրական լուսանկարներու արխիւներու պատասխանատու Պրն. Լեւոն Նորտիկեան, որ ցուցահանդէսի կազմակերպման մէջ ունեցած էր իր կարեւոր մասնակցութիւնը ներկայացուց իր խօսքը:
Պրն. Նորտիկեան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի մօտ Ֆրանսայի Դեսպան Պրն. Փաթրիս Փաուլի եւ Դեսպանատան Մշակութային կցորդ Պրն. Էրիք Լէպային յս ցուցահանդէսին իրենց հիւրնկալութեան եւ գործնական մասնակցութեան համար: Ան շեշտեց, թէ Հալէպի հայկական հիւղաւաններն ու Պէյրութի հայոց հիւղաւանները իրար շատ նման եղած են եւ ներկայացնելով մէկը՝ ներկայացուած կ՛ըլլայ նաեւ միւսը: Ան բարձր գնահատեց լուսանկարիչ Վարդան Տէրունեանի արուեստը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Թէքէեան Մշակութային Միութեան, արխիւային մեծ արժէք ունեցող այս լուսանկարները ապահով մեր օրերուն հասցնելուն համար: Ան իր խօսքին աւարտին շեշտեց, որ հայոց գաղթական կեանքը նաեւ նման եղած է ճակատագրակից այլ ժողովուրդներու, ինչպէս՝ Ասորիներու եւ Պաղեստինցի ինչպէս նաեւ այս օրերու սուրիացի գաղթականներուն կեանքին, որոնց յիշատակին է, որ նուիրուած է նաեւ այս ցուցահանդէսը:
****
Աւարտին նշենք, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան անմիջական հետեւանքներուն նուիրուած եւ Հայ գաղթական կեանքի առաջին տարիները ներկայացնող վաւերագրական լուսանկարներու այս ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ միեւնոյն վայրին մէջ մինչեւ 26 Ապրիլ 2015:
Leave a Reply
News
-
10.08.2020
Armenia delegation meets with Catholicos-Patriarch Krikor Bedros XX in
-
10.08.2020
Tehran’s Armenian church holds requiem in honor of Beirut explosion
-
10.08.2020
Lebanese Government prepares to resign
-
08.08.2020
200 new cases and 8 deaths in last 24 hours – Armenian Center For Disease
-
08.08.2020
Artsakh reports 2 coronavirus cases in last 24 hours
-
08.08.2020
Sarkissian visits bombarded border town, praises hero villagers and troops
-
08.08.2020
Over 300 ceasefire violations by Azerbaijan in one week, says Artsakh
-
07.08.2020
Post-Soviet area priority for Russia's foreign policy – Putin
-
07.08.2020
Sarkissian discusses Beirut Armenian community relief programs with AGBU
-
07.08.2020
13 Lebanese-Armenians killed in Beirut blast – embassy

