• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Ոչ եւս է հայր Օգոստինոս վարդապետ Սեքուլեան Մխիթարեան մտաւորական հայրը

23.07.2014   11:24

*ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ – ԱՄՆ*

Սրտի խոր կսկիծով կը գուժենք մահը Մխիթարեան Միաբանութեան անդամ, հայր Օգոստինոս վարդապետ Սեքուլեանի, որ պատահեցաւ շաբաթ 19 յուլիսին, Լոս Անճելոսի մէջ:

Հայր Օգոստինոս վրդ. Սեքուլեան, ծնած է սեպտեմբեր 19, 1921 ին Թրանսիլվանիոյ Ճուրճով քաղաքին մէջ(այժմ Ռումանիոյ մէկ քաղաքը): Իր նախնական ուսումը աւարտելէ ետք իր ծննդավայրի նախակրթարանինմէջ, 1931-ին, հազիւ տաս տարեկան, մտած է Վիենննայի Մխիթարեան կղերանոցը: Դեկտեմբեր 31, 1944-ինկը ձեռնադրուի կուսակրօն քահանայ: 1945-46 տարիներուն կ’աւարտէ իր համալսարանական ուսումը եւ կըստանայ իր մագիստրոսի տիտղոսը Վիեննայի պետական համալսարանէն:

Ի շարս այլ պաշտօններու, 1957-1961 տարիներուն, Պէյրութի Հազմիէի Մխիթարեան վարժարանէն ներս կըվարէ փոխ տնօրէնի եւ ուսուցիչի պաշտօնը: Կրկին կը վերադառնայ Լիբանան եւ 1972-1978 տարիներուն կըստանձնէ Մխիթարեան վարժարանի տնօրէնութիւնն ու ժառանգաւորներու բաժինիպատասխանատուութիւնը:

978-1992 տարիներուն եղած է Ընհանուր աթոռակալ այն ատեն Վիեննայի ՄխիթարեանՄիաբանութեան: 1992-էն 2009 եղած է տնօրէն Լոս Անճէլըսի Մխիթարեան վարժարանին:

Ունի բազմաթիւ բանասիրական, դրամագիտական, ծիսական եւ տոմարագիտական աշխատանքներ, նամանաւանդ «Հանդէս Ամսօրեայ»ի մէջ տպուած: Իսկ այս բոլորէնանկախ հրատարակութեան պատրաստած է Հին եւ Նոր Կտակարաններու աշխարհաբար թարգմանութիւնը:

 Յաջորդիւ կը տեղեկացնենք վաստակաշատ հոգեւորականին յուղարկաւորութեան եւ թաղման մասին որ պիտի կատարուի Վիեննայի մէջ:

 Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի:

 Դիւան հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի

 

 

 

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Media Partner