«Միրաք» Կը Շարունակէ Իր Սլացիք Գործունէութիւնը

Երէկ Կիրակի, 21 Օգոստոս 2016-ի առաւօտեան, Երեւանի Թէքէեան կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ ՌԱԿ-ի «Միրաք» պատանեկան-ուսանողական շարժման հերթական կիրակնօրեայ հաւաքը:
«Միրաք»ի իւրաքանչիւր տարիքային խումբ իր առանձին ծրագիրը վարելէ ետք՝ ձեռային աշխատանք, խմբային աշխատանք, ինքնարտայայտման եւ ինքնաճանաչման կարողութիւններու զարգացում եւայլն, բոլոր անդամները միասնաբար մեծ հետաքրքրութեամբ ունկնդրեցին Պէյրութէն Երեւան ժամանած ՌԱԿ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենադպիր, Պէյրութի «Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Ընկ. Սեւակ Յակոբեանի զեկոյցը, որ կը ծաւալէր Լիբանանի գաղութի եւ այնտեղ հրատարակուուղ մամուլի մասին ընդհանրապէս եւ Ռամկավար Ազատական մամուլի մասին մասնաւորաբար: Ընկ. Սեւակ «Միրաք»ի անդամներուն գրական նոր աշխատանք ծաւալելու առաջարկներ ներկայացուց, որ հաւանութեան արժանացաւ անդամութեան կողմէ:
Ընկեր Սեւակ իր խօսքին մէջ շեշտը դրաւ սերնդափոխութեան կարեւորութեան վրայ: Ան շատ կարեւոր համարեց երիտասարդ ուժի ներկայութիւնը որեւէ կազմակերպութեան մէջ, աւելի քան առողջ նկատելով անոնց պատասխանատուութիւններ ստանձնելը: Ընկեր Սեւակ անձնական օրինակով մը յայտնեց, որ ինք առողջ չի գտներ տասնամեակ մը վերջ ինքզինք խմբագիրի նոյն պաշտօնին վրայ տեսնելը: «Պէտք է միշտ երիտասարդ պահել մեր կառոյցները» ըսաւ ան՝ շեշտելով, որ «այս մէկը յաջողցնելու համար հարկաւոր է պատրաստել նոր սերունդը եւ չվախնալ անկէ, այլ քաջալերել զանոնք անվերապահօրէն», շեշտեց ան: Ընկեր Սեւակ խօսքը ուղղելով «Միրաք»ականներուն ըսաւ, թէ «դուք մեր ապագայի յոյսն էք, մեր ապագայի շարքայինները, գործիչները, մտաւորականները եւ խմբագիրները»:
Հանդիպման աւարտին Ընկ. Սեւակ շնորհակալութիւն յայտնեց «Միրաք»ի պատասխանատու վարչական կազմին եւ անդամութեան, օրեր առաջ դարձեալ Թէքէեան կեդրոնէն ներս «Զարթօնք»ի կազմակերպած գիրքերու շնորհահանդէսին կազմակերպչական աշխատանքներուն մէջ իրենց բերած մասնակցութեան եւ օժանդակութեան համար: Ձեռնարկին օրը իրենց սիրայօժար կերպով աշխատանք ստանձնելուն համար, «Միրաք»ի երկու անդամներ՝ Սիրան Թորոսեան եւ Աստղիկ Պապայեան ընկ. Սեւակի կողմէ պարգեւատրուեցան իւրաքանչիւրը՝ գիրքով մը, որպէս քաջալերանք կամաւորական աշխատանքի:
Նոյն օրն իսկ պարգեւատրուող անդամներէն Սիրան Թորոսեան, իր ոգեւորութիւնը յայտնող շնորհակալական նամակ մը յղած էր «Միրաք»ի «Ֆեյսպուք»ի էջին, հետեւեալ բովադակութեամբ.-
«Ես նորից շտապում եմ Թէքէեան կեդրոն՝ «Միրաք»ի հերթական հաւաքին: Այնքան մեծ խանդավառութեամբ էի սպասում մեր հերթական հանդիպմանը, որ կէս ժամ շուտ էի եկել: Այսօր ընկեր Վարդիի նախաձեռնութեամբ փորձեցինք խմբային խաղ կազմակերպել: Խաղի նպատակը մեզ թիմային աշխատանքին սովորեցնելն էր: Թէեւ մենք այնքան էլ չկարողացանք ճիշդ հետեւել խաղի կանոններին (որի համար ներողութիւն եմ խնդրում ընկեր Վարդիից), սակայն այն ինձ շատ դուր եկաւ:
Հանդիպման վերջում ինձ բախտ ընձեռնուեց նուէր ստանալ՝ Զաւէն Մսըրլեանի՝ Մկրտիչ Մսըրլեանի ազգային–քաղաքական գործունէութեան մասին պատմող գիրքը, որը տուն հասնելուն պէս սկսել եմ ընթերցել: Շնորհակալ եմ «Միրաք»ի յանձնախումբին եւս մէկ հետաքրքիր օր կազմակերպելու համար: Ցտեսութիւն»:
Leave a Reply
News
-
10.08.2020
Armenia delegation meets with Catholicos-Patriarch Krikor Bedros XX in
-
10.08.2020
Tehran’s Armenian church holds requiem in honor of Beirut explosion
-
10.08.2020
Lebanese Government prepares to resign
-
08.08.2020
200 new cases and 8 deaths in last 24 hours – Armenian Center For Disease
-
08.08.2020
Artsakh reports 2 coronavirus cases in last 24 hours
-
08.08.2020
Sarkissian visits bombarded border town, praises hero villagers and troops
-
08.08.2020
Over 300 ceasefire violations by Azerbaijan in one week, says Artsakh
-
07.08.2020
Post-Soviet area priority for Russia's foreign policy – Putin
-
07.08.2020
Sarkissian discusses Beirut Armenian community relief programs with AGBU
-
07.08.2020
13 Lebanese-Armenians killed in Beirut blast – embassy

