• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

«Արցախի Հակամարտութեան Խաղաղ Կարգաւորման Հեռանկարներ»

02.08.2016   18:33

«Զարթօնք»ի նախաձեռնած տեղեկատուական եւ վերլուծական հանդիպումներու «Շրջանը Դէպի Ո՞ւր»  շարքի ծիրէն ներս, երրորդ հանդիպումը տեղի ունեցաւ երէկ՝ Երկուշաբթի, 1 Օգոստոս 2016-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Թէքէեան Կեդրոնի «ՌԱԿ-ի Լսարան»ի մէջ:

Հանդիպման նիւթն էր «Արցախի Հակամարտութեան Խաղաղ Կարգաւորման Հեռանկարներ»ը: Օրուան զեկուցաբերը ըլլալու ազնուութիւնը յանձն առած էր՝ Լիբանանի մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Պրն. Սամուէլ Մկրտչեանը:

Հանդիպումը առիթ մըն էր լսելու Պրն. Դեսպանին համապարփակ զեկուցումը Արցախի հիմնահարցին առընչութեամբ՝ իր սկզբնաւորութենէն մինչեւ տարբեր հանգրուաններու բանակցութիւնները, հասնելով ապրիլեան չորս օրեայ պատերազմը եւ ներկայի թնճուկը: Օգտաշատ էր իր աղբիւրէն լսել Արցախի վերաբերող հարցերուն լուսաբանման մասին: Պրն. Դեսպանի տուած  տեղեկութիւններն ու վերլուծումները աւելի քան գոհացուցիչ էին՝ այս մտերմիկ հանդիպման ներկաներուն համար:

Աւարտին հետաքրքրասէր ներկաները առիթը ունեցան իրենց հարցումները ուղղելու եւ լուսաբանութիւններ ստանալու յարգելի հայրենի դեսպան Պրն. Սամուէլ Մկրտչեանէն:

Մանրամասնութիւններուն պիտի անդրադառնանք:

 

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Media Partner