• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

ԱԶԴԱԿ- ԱՐԱՐԱՏ- ԶԱՐԹՕՆՔ-Ի ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ ՅԱՏԱԿԱԳԻԾԸ

10.03.2015   23:27

Ապրիլ 24-ի օրը հրատարակուող ԱԶԴԱԿ-ԱՐԱՐԱՏ-ԶԱՐԹՕՆՔ միացեալ օրաթերթի բովանդակութեան յատակագիծը արդէն պատրաստ է` երեք օրաթերթերու գլխաւոր խմբագիրներու աշխատանքային հանդիպումներէն բխած։

Թիւը պիտի ունենայ միացեալ խմբագրական, որուն բովանդակային առանցքը հիմնուած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի առիթով հրապարակուած համահայկական հռչակագրի ճշդած հիմնադրյթներուն վրայ։ Իբրեւ առաջնորդող երեք յօդուածներ ստորագրութիւն պիտի ունենան հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու պետական-քաղաքական գործունէութեան մէջ պատասխանատուութիւններ վարած անուններ։

Միացեալ օրաթերթի առաջին էջը բնականաբար տեղ պիտի յատկացնէ պետական եւ հոգեւոր բարձրագոյն մակարդակներէ յղուած ուղերձներու եւ ապրիլ 23-ին հայրենիքի, Սփիւռքի եւ Լիբանանի մէջ 100-ամեակի առիթով կազմակերպուած կարեւորագոյն ձեռնարկներուն։

Յօդուածագրական բաժնին համար  որոշուեցաւ տեղ տալ բացառապէս երեք օրաթերթերու խմբագրակազմերու անդամներուն յատկապէս խմբագրական պատասխանատու պաշտօններ վարող մամուլի երիտասարդ գործիչներուն։

Միացեալ թիւը առեւտրական-գովազդային բաժին պիտի չունենայ։ Երեք թերթերու խմբագրութիւնները սկսած են դիմումներ ստանալ տարբեր հաստատութիւններու կողմէ հայ մամուլին աջակցելու։ Աջակցելու նպատակով խմբագրութիւններուն յղուած հաղորդագրութիւններուն տեղի պիտի տանք նկատի ունենալով անոնց պատշաճութիւնը` թիւի բովանդակութեան։

Միացեալ թիւէն օրինակներ պիտի ուղարկուին Հայաստանի հանրապետութեան թէ Սփիւռքի մամուլի խմբագրութիւններուն, մատենադարաններուն եւ գրադարաններուն։

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Media Partner