Պատիւ Արժանաւորին՝ Միքայէլ Նաթանեանի Վերանորոգ Դամբարանի Օրհնութիւն

Միքայէլ Նաթանեան Արմենական Կազմակերպութեան այն վերջին մարտիկն էր, որ իր ԽԱՆԴԸ նուիրեց Հայ Ազատագրական Պայքարին, որպէս ԱՐՄԵՆԱԿԱՆ: ՄԻՏՔԸ՝ Հայ Դատի հետապնդումին, որպէս ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ: ՍԻՐՏԸ՝ Հայ ազգին ու մշակոյթին, որպէս ԱՆՁՆՈՒԷՐ ԿՈՒՍԱԿՑԱԿԱՆ ԳՈՐԾԻՉ:
ՌԱԿ-ի Մեծ Երախտաւորը , որ իր աչքերը 60 տարիներ առաջ փակեց Լիբանանի մէջ, Կիրակի 9 Նոյեմբեր 2014-ին իր մահուան 60-Ամեակին առիթով, նախաձեռնութեամբ ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի եւ յատուկ քաջալերանքովն ու ցուցմունքներովը անոր վաստակաշատ ատենապետ՝ ընկեր Յակոբ Գասարճեանին, ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը կազմակերպեց Միքայէլ Նաթանեանի վերանորոգ դամբարանի օրհնութեան արարողութիւնը:
Արդարեւ, հակառակ նոյն օր զուգադիպող Պէյրութի Մարաթոնին ստեղծած երթեւեկի դժուարութեան, գլխաւորութեամբ ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ ընկեր Միքայէլ Վայէճեանի եւ անդամներուն, հաւատաւոր շարքայիններ ժամանեցին Պէյրութի Հայոց Ազգային Գերեզմանատուն պատուելու համար մեծանուն երախտաւորը իր վերանորոգ դամբարանին օրհնութեան արարողութեան ներկայ գտնուելով:
Արժանապատիւ Տէր Ղեւոնդ Քահանայ Լոշխաճեանի կատարած հոգեհանգստեան կարգէն ետք ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան անունով խօսք առաւ ընկեր Տոքթ. Յակոբ Փափազեան: Ան իր խօսքին մէջ անդրադաձաւ մեծ երախտաւորին՝ «Արմենական յեղափոխականին, գրողին, անզուգական եւ անշահախնդիր ազգային ու կուսակցական գործիչին» կենսագրական գիծերուն շեշտելով, թէ «Միքայէլ Նաթանեան, որպէս Հայ ազատագրական պայքարի մարտիկ, ապա Ռամկավար Ազատական կուսակցական աննման գործիչ, ԹՄՄ-ի, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի ղեկավար դասի անդամ, խմբագիր եւ կրթական մշակ մեր ժողովուրդին եւ մասնաւորաբար երիտասարդութեան մէջ սերմանեց հայրենասիրութեան եւ իրապաշտ մտածողութեամբ պայքարի ոգին, որպէսզի անոնք հեռու մնան ամէն տեսակի պոռոտախօսական, ծայրայեղական եւ արկածախնդրական գործելաձեւէ, որ կրնար վնասակար ըլլալ ազգային մեր շահերուն»: Իր խօսքին աւարտին ան կոչ ըրաւ Կուսակցութեան վերին ղեկավարութեան, որ. «միասնական ջանքերով ՌԱԿ-ի պատմական ղեկավարներուն աճիւնները տեղափոխել Մայր Հայրենիք զանոնք ամփոփելու համար կեդրոնական դամբարանի մը մէջ, որովհետեւ այդ ղեկավարները իրենց ողջութեան երազեցին ազատ եւ անկախ Հայաստանը: Մեր նուազագոյն պարտքն է առիթը տալ իրենց յաւէտ հանգչելու Արարատի հովանիին տակ»:
Ընկեր Տոքթ. Փափազեանի խօսքէն ետք ներկաները համախմբուեցան երախտաւորին գերեզմանին շուրջ, ուր Արժանապատիւ Տէր Հայրը օրհնեց վերանորոգ դամբարանը:
Զգացական այդ վարկեանին, ընկեր Սեւակ Յակոբեան ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան անունով ներկայ ընկերուհիներուն եւ ընկերներուն փոխանցեց Վարչութեան, որոշումը՝ Արմենական Կազմակերպութեան վերջին մոհիկան եւ իր օրերուն ՌԱԿ-ի շարքերուն անդամագրուող նոր սերունդին պաշտելի Միքայէլ Նաթանեանի անունը կրող ՌԱԿ Երիտասարդաց Ակումբի հիմնադրութիւնը:
Ընկեր Յակոբեան իր խօսքին աւարտին հրաւիրեց ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի ատենապետ՝ ընկեր Յակոբ Գասարճեանը, որ այս բազմանշանակ առիթով կուսակցութեան շարքերը մտնել փափաքող նորագիր ընկերներուն երդմնառութիւնը կատարէ:
Աւարտին, ներկայ եղող ընկերուհիներն ու ընկերները շնորհաւորելով նորագիրները մեկնեցան վայրէն կուսակցական վերանորոգ ուխտով:
Leave a Reply
News
-
10.08.2020
Armenia delegation meets with Catholicos-Patriarch Krikor Bedros XX in
-
10.08.2020
Tehran’s Armenian church holds requiem in honor of Beirut explosion
-
10.08.2020
Lebanese Government prepares to resign
-
08.08.2020
200 new cases and 8 deaths in last 24 hours – Armenian Center For Disease
-
08.08.2020
Artsakh reports 2 coronavirus cases in last 24 hours
-
08.08.2020
Sarkissian visits bombarded border town, praises hero villagers and troops
-
08.08.2020
Over 300 ceasefire violations by Azerbaijan in one week, says Artsakh
-
07.08.2020
Post-Soviet area priority for Russia's foreign policy – Putin
-
07.08.2020
Sarkissian discusses Beirut Armenian community relief programs with AGBU
-
07.08.2020
13 Lebanese-Armenians killed in Beirut blast – embassy

