Արամ Սեփեթճեանի Ծննդեան Տարեդարձին եւ Գործունէութեան Նուիրուած Յոբելենական Հանդիսութիւն

Թէքէեան Մշակութային Միութեան Լիբանանի Տեղական Վարչութեան կազմակերպութեամբ Ուրբաթ 3 Հոկտեմբեր 2014-ի երեկոյեան ժամը 8-ին Պէյրութի Թէքէեան Կեդրոնի Հրաչեայ Սեդրակեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանրածանօթ հրապարակագիր՝ Արամ Սեփեթճեանի Ծննդեան Տարեդարձին եւ Գործունէութեան Նուիրուած Յոբելենական երեկոյ մը:
Յոբելենական հանդիսութեան, որ կը վայելէր ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի հովանաւորութիւնը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսին ներկայացուց Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Շահէ Արք. Փանոսեանը: Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Ներսէս Պետրոս 19-րդ Կաթողիկէ Հայոց Պատրիարքին ներկայացուց Զմմառու Վանքի մեծաւոր՝ Գերապայծառ Հայր Գաբրիէլ Եպս. Մուրատեան: Ձեռնարկին՝ ՀՀ Լիբանանի մօտ դեսպանութիւնը ներկայացուց ՀՀ Հիւպատոս Պրն. Աշոտ Վարդանեան: Հանդիսութիւնը իրենց ներկայութեամբ պատուեցին ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան եւ ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի անդամներ, ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ ընկ. Միքայէլ Վայէճեան եւ Վարչութեան անդամներ, ՀԵԸ Լիբանանի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Պրն. Վիգէն Չերչեան, ՀՀ դեսպանատան կցորդներ, Յոբելեարին ընտանեկան պարագաները, գաղափարի եւ գրչի ընկերները եւ մշակութասէր հանրութիւն մը:
Հանդիսութեան սկիզբը, Արամ Սեփեթճեանի հրապարագրութեան հիմնական ուղղութիւնները ներկայացուց, ԹՄՄ Լիբանանի Տեղական Վարչութեան ատենապետ՝ Տիկ. Անի Թորանեան-Գրիգորեան:
Յոբելեարին գրական-գեղարուեստական ստեղծագործութեան արժեւորումը ըրաւ Հայոց Լեզուի եւ Գրականութեան վաստակաշատ ուսուցչուհի՝ Տիկ. Անժէլ Միսիսեան:
Հանդիսութեան ներկաներուն հրամցուեցաւ կոկիկ գեղարուեստական յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերին թենոր Կարօ Քէլէշեան եւ դաշնակարուհիներ Նանոր Մաճարեան եւ Ժաննա Սահակեան:
Իր կարգին ՀԲԸՄ-ի «ԽՕՍՆԱԿ» պարբերականի գլխաւոր խմբագիր ընկ. Համբիկ Մարտիրոսեան մեծարեալը ներկայացուց «ԽՕՍՆԱԿ» պարբերականի ընդմէջէն:
Հանդիսութեան աւարտին Յոբելեարը ստացաւ ԱՐԱՄ Ա. Վեհափառի շնորհած Օրհնութեան Գիրն ու Մեսրոպ ՄԱշտոցի շքանաշանը ձեռամբԼիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Շահէ Արք. Փանոսեանի: ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի յուշանուէրը Յոբելեարին յանձնեց ընկ. Հրայր Հովիւեան, որմէ ետք ընկեր Սեփեթճեան իր զգացական սրտի խօսքը փոխանցեց ներկաներուն, շնորհակալութեան խօսքեր ուղղելով բոլորին, որոնց կարգին նաեւ ՀՀ Սփիւռքի ու Լիբանանի Մշակոյթի նախարարներուն, որոնք այս առիթով իրենց շնորհաւորական գիրեր յղած էին իրեն:
Ձեռնարկը եզրափակուեցաւ Յոբելեարին նորագոյն ստեղծագործութեան գինեձօնով:
Արտասանուած խօսքերն ու այլ մանրամասնութիւններ շուտով:

ԹՄՄ Լիբանանի Տեղական Վարչութեան անդամները Յոբելեարին եւ իր կողակիցին շուրջ: Ձախէն՝ Լենա Պասմաճեան, Անի Թորանեան (ատենապետ), Տոքթ. Յակոբ Փափազեան, Յոբելեարը, Տիկ. Սեփեթճեան, Անի Պոտրումեան, Ճէքի Տէրվիշեան
Leave a Reply
News
-
10.08.2020
Armenia delegation meets with Catholicos-Patriarch Krikor Bedros XX in
-
10.08.2020
Tehran’s Armenian church holds requiem in honor of Beirut explosion
-
10.08.2020
Lebanese Government prepares to resign
-
08.08.2020
200 new cases and 8 deaths in last 24 hours – Armenian Center For Disease
-
08.08.2020
Artsakh reports 2 coronavirus cases in last 24 hours
-
08.08.2020
Sarkissian visits bombarded border town, praises hero villagers and troops
-
08.08.2020
Over 300 ceasefire violations by Azerbaijan in one week, says Artsakh
-
07.08.2020
Post-Soviet area priority for Russia's foreign policy – Putin
-
07.08.2020
Sarkissian discusses Beirut Armenian community relief programs with AGBU
-
07.08.2020
13 Lebanese-Armenians killed in Beirut blast – embassy

