Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Խօսքը Սփիւռքի Կազմակերպութիւններու Ղեկավարներու Եւ Ներկայացուցիչներու Համահայկական 5-րդ Համաժողովին Ընդառաջ

Նորին Վսեմութիւն Պրն. Բակօ Սահակեան՝ Նախագահ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան,
Նորին Վսեմութիւն Պրն. Հովիկ Աբրահամյան՝ վարչապետ Հայաստանի Հանրապետութեան,
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս,
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ,
Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս-Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց,
Վերապատուելի Հովէլ Միքայէլեան՝ Նախագահ Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի,
Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեանց պաշտօնակատարներ,
Սիրելի Գործընկերներ,
Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին ընդառաջ՝ Հայ ժողովուրդին առջեւ ծառացող բարդ խնդիրներուն դիմաց, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան անունով կ’ողջունեմ բոլորդ այստեղ ինչպէս եւ համայն հայ ժողովուրդը ամէնուրեք, ինչպէս նաեւ՝ բոլոր աշխարհաբնակ մեր եղբայրակիցներուն, որոնք դրական զգացումներ կը տածեն հայութեան հանդէպ:
Մեր փափաքն ու միաժամանակ նաեւ մեր հաւատքն է, որ այս յոյժ կարեւոր եւ պատմական համաժողովը, ողջմիտ քննարկումներով, նամանաւանդ հիմնուելով անցեալի փորձի, ինչու չէ նաեւ ինքնաքննադատման վրայ, պիտի յաջողի մշակել համահայկական գերագոյն շահերու համար այնպիսի համակարգմը, եւ պիտի որդեգրէ ռազմավարական դերաբաշխումի թէ այլ այնպիսիմիջոցառումներ, որոնք անկիւնադարձային եւ վճռական լիցք պիտի հաղորդեն եւ նոր ու զօրացած թափ պիտի պարգեւեն բոլորիս՝բարւոք եւ գործնական լուծումներ գտնելու համարազգովին մեր դիմագրաւած ծանրակշիռ խնդիրներուն՝երաշխաւորելու համար հայ ժողովուրդի իր երկու հզօր՝սփիւռքեան եւ հայրենիքի թեւերով սաւարնումը մարդկային պատմութեան էջերուն մէջ:
Հետեւաբար Կուսակցութեանս խօսքը կ՛ուզենք դնել հետեւեալ ենթախորագրին տակ՝ Միասնակամ, Համերաշխ եւ Հզօր Սփիւռք. Հայրենիքին Հետ՝ Հայրենիքին Համար
Զայն հիմնելով հետեւեալ միտքերուն վրայ՝
Ա. Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակը նաեւ 100-ամեակն է մեր անլոյծ Դատին: Ցեղասպանութեան ոգեկոչումը մեր յաւիտեան պարտքն ըլլալով հանդերց, արդե՞օք բնական է 100-ամեայ անլոյծ Դատ ունենալ: Ճակատագ՞իր է այս, թէ գործելացեւի եւ ռազմավարութեան սխալ:
Հիմնուելով այս կէտին վրայ մենք կը հաւատանք, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչումը նպատակակէտ մը չէ ինքնին, այլ՝ նոր մէկնակէտ մը կեանքի կոչելու պահանջատիրութեան համազգային ամբողջական, լիարժէք եւ անզիջում ռազմավարութիւն մը: Այլ խօսքով, բոլորս միասնաբար, պարտինք քաղաքական ու գիտական նոր որակ ու թափ հաղորդել Հայ Դատի պահանջատիրութեան, աւելի մասնագիտացած մօտեցում ցուցաբերել Ցեղասպանութեան եւ անոր հետեւանքներու հաշուառման, աւելի հետեւողականօրէն հետապնդել Հայ Դատի կապակցութեամբ, միջազգային օրէնքի համակարգով, ուսումնասիրուած դատական թղթածրար պատրաստելու անյետաձգելի աշխատանքները, դատական հայց բարձրացնելու անմիջական նպատակով Միջազգային Ատեաններու առաջ:
Ինչ կը վերաբերի հայոց համայնական իրաւունքներուն, անոնց արդիւնաւէտ հետապնդումով մը արդիւնքի հասնելու պարագային, ապա անոր արդիւնքը կը պատկանի ազգին: Այս առիթով կ՛ուզենք շեշտել, թէ Հայ Դատը՝ Սուրբ Դատ է, հետեւաբար՝ ոչ մէկ անձ իրաւունք ունի զայն անձնական շահարկումներու միջոցի վերածելու, զորս խստիւ դատապարտելի է:
Հայ Դատը արդար է ու անժամանցելի: Հետեւաբար ո՛չ ժամանակը, ո՛չ գեր-ոյժ, ոչ ալ նոյնիսկ ներսէն թէ դուրսէն եկած որեւէ կարծիք կրնայ զայն փակուած նկատել, այնքան ատեն որ Ցեղասպանութեան պահանջատէր հայութիւնը, սփիւռքի եւ հայրենիքի մէջ համադրաբար կը գործէ փոխ-ըմբռնումի եւ զիրար ամբողջացնող ՝ յատուկ կերպով մշակուած, համազգային ռազմավարութեամբ:
Բ. Ի տարբերութիւն այլ ազգերու, որոնք չունին նման կարելիութիւն, Հայկական Սփիւռքը ինչպէս Հայաստանի նաեւ Արցախի իր կրկնակի պատկանելիութեամբ անփոխարինելի հարստութիւն մըն է երկուքին ալ համար: Այս իսկ համոզումով, բայց նաեւ մեկնելով ազգային մեր գերագոյն այլ շահերէն, սփիւռքի մէջ պէտք է բազմապատկենք ազգապահպանման մեր ճիգերը, վերանորոգ թափ, նոր երանգ եւ նոր որակ շնորհելով անոնց: Այս մէկը իրականութիւն դարձնելու համար մենք պէտք ունինք միասնակամ, խանդավառ եւ պայծառատես աշխատանքի եւ ոչ միայն խօսքի: Յոյժ թելադրելի է նաեւ սփիւռքի կազմակերպութիւններուն համար կատարել աշխատանքի յստակ եւ առողջ բաժանում (division of labor), ուր իւրաքանչիւր կազմակերպութիւն զբաղի իր գոյութիւնը արդարացնող առաքելութեամբ:
Գ. Ժամանակն է, որդեգրելու նոր եւ աւելի հասուն ազգային ռազմավարութիւն ինչ կը վերաբերի մեր ազգը յուզող թղթածրարներու՝ շրջանցելով մեր ազգային հոգեբանական հանգոյծները, օրինակի համար պատասխանատուութեամբ մօտենալու Հայ ժողովուրդի զաւակ՝ ակամայ իսլամացած հազարաւոր մեր հոգեհատորներուն՝ ըլլալով գրկբաց զանոնք ընդունելու մեր ազգին մէջ առանց նախապայմաններու կամ զգացական հարցեր ստեղծելու, որոնք վանողական կրնան ըլլալ արդէն իսկ երկուութիւն ապրող մեր սիրելիներուն համար):
Դ. Հայրենիքի անկախութիւնը աւելի եւս ամրապնդելու ինչպէս նաեւ կարենալ յաղթահարելու համար Հայրենիքի եւ մեր ժողովուրդի գոյութեանն իսկ սպառնացող այլեւայլ դժուարութիւնները, Հայկական սփիւռքը ամէն ճիգ ի գործ պէտք է դնէ օժանդակելու համար հայրենիքի յարատեւ հզօրացման եւ բարգաւաճման գործընթացին: Մեր իղձը եւ միաժամանակ նաեւ անսակարկելի նպատակակէտն է, որ հայրենի մեր ժողովուրդը ապրի լաւ, հանգիստ ու ապահով պայմաններու ներքոյ: Գերազանցապէս բաղձալի այս վիճակը կտրականապէս կը բացառէ նաեւ հայրենի ժողովուրդին արտագաղթը ընդհանրապէս եւ ի մասնաւորի երիտասարդութեան եւ ուղեղներու արտահոսքի (brain drain) հոգեմաշ երեւոյթը:
Ե. Ինչ կը վերաբերի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ամրապնդումին ու միջազգային ճանաչումին, ապա սփիւռքն ու հայրենի պետականութիւնը գործակցաբար եւ իւրաքանչիւրը իր հասանելիութեամբ, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումի աշխատանքին համահաւասար եւ միաժամանակ, ջանք պէտք չէ խնայէ ամէնուրէք Լեռնային Ղարաբաղի մեր ժողովուրդին շնորհել տալու լիիրաւ անկախութիւն, հիմնուելով ժողովուրդներու ինքնորոշման արդար եւ մարկային իրաւունքներուն վրայ: Եթէ շրջանի կարգ մը ժողովուրդներու համար պատերազմ կը մղուի, ապա Հայ ժողովուրդը նոյնքան իրաւունք ունի նման միջոցառման արժանանալու:
Մեր նոյնքան հոգատարութեան եւ կեդրոնացումին արժանի է Ջաւախքի հայութիւնը, որոնց հանդէպ մենք ոչ մէկ բան պէտք է զլանանք:
Զ. Քաղաքականօրէն հզօր հեղինակութիւն ունեցող երկիրներու մէջ, ինչպէս՝ Հիւսիսային Ամերիկայ, Եւրոպական կարգ մը երկիրներ եւ այլն, սփիւռքի կազմակերպութիւններուն պարտքն է, տեղւոյն հայկական ծագումով բոլոր քաղաքացիներու քուէները միաւորել եւ կազմակերպել, անկախ մեր ներքին քաղաքական տարբերութիւններէն, կեդրոնացնելու համար զանոնք Հայաստանի Հանրապետութեան օրուայ նախագահին հայեցողութեան եւ տրամադրութեան տակ, տուեալ երկիրներուն մէջ կարենալ ընտրելու այնպիսի ղեկավարներ, որոնք անվերապահօրէն կրնան ծառայել Հայ ժողովուրդի գերագոյն շահերուն: Այս մէկը ոյժ մը կրնայ հանդիսանալ հայրենիքին աւելի զօրաւոր դիրքերէ քաղաքական սակարկութիւններու եւ բանակցութիւններու մէջ մտնելու:
Է. Նկատի ունենալով որ, մօտիկ անցեալին, հայապատկան շատ թանկարժէք բազմաթիւ կալուածներ սեփականութիւնը դարձան օտար պետութիւններու կամ հաստատութիւններու, տեղաբնակ հայութեան նօսրացումին պատճառով (ինչպէս է օրինակ Հնդկաստանի պարագան) եւ նկատի ունենալով, որ դժբախտաբար ներկայիս նոյնպիսի վտանգ կը սպառնայ Միջին Արեւելքի եւ Ուքրանիայի մէջ գտնուող հայապատկան չափազանց արժէքաւոր կալուածներու եւ այլ հարստութիւններու, ուր պատերազմական վիճակին հասցուցած նուազագոյն վնասը կրնայ ըլլալ անոնց շուկայական արժէքին անկումին կամ անտէր մնալուն:
Այս չափազանց վտանգաւոր երեւոյթը ապահով կերպով շրջանցելու համար, անհրաժեշտ է, որ անմիջապէս կեանքի կոչուի Հայաստանի մէջ արձանագրուած ձեռնարկութիւններ (հասարակական կազմակերպութիւններու կամ Trust-ի ձեւին տակ), խնդրոյ առարկայ իւրաքանչիւր կազմակերպութեան տնօրինութեամբ, սփիւռքի մէջ գոյութիւն ունեցող, գաղութին պէտքերէն անդին անցնող կալուածները եւ մանաւանդ դրամարկութեան (investment)-ի ծառայողկառոյցները ծախելով փոխարինել զանոնք հայրենիքի մէջ նոյն նպատակով շինուելիք կառոյցներով:
Ը. Մեր ազգային բոլոր հաստատութիւններն ու կառույցները անխտիր, լաւագոյնս ղեկավարելու ու կառավարելու համար եւ հիմնուելով ռամկավարական առողջ սկզբունքներու վրայ, անոնց գլխուն գտնուող մարմիններն ու անձիք պէտք չէ հոն ըլլան ցկեանս հանգամանքով, որպէսզի անոնք մնան միշտ հաշուետու՝ հեռու փտածութենէ եւ թմրութենէ: Մարդկային ժամանակակից պատմութիւնը հիմնուած չէ այլեւս անհատներու պաշտամունքի վրայ: Քաղաքակիրթ աշխարհի մշակոյթով՝ գործն է, որ կը փառաբանուի եւ ոչ թէ ի պաշտօնէ զայն կատարողը, մինչ գործին լաւ կատարումին համար պատասխանատու անձը կրնայ գնահատուիլ ու պահանջեալ հարկին՝ վերընտրուիլ կամ հաշուետութեան ենթարկուիլ:
Թ. Ինչ կը վերաբերի ամէն օր բուսնող կասկածելի կարգախօսերով այն հայանուն հաստատութիւններուն, որոնց պատկանելիութիւնն ու ֆինանսը այնքան ալ յստակ չէ, մեզ կը մնայ ըլլալ զգոյշ իրենց հետ յարաբերութեանց մէջ: Մինչ մեր կոչն է վերոյիշեալներուն ինչպէս նաեւ բոլոր այն ազնիւ կամ կասկածելի նպատակներ ունեցողներուն, որոնք հայրենիքէ հեռու նստած, ինչ ինչ կարգախօսերով հայրենիքն ու անոր պետութիւնը կը քննադատեն, ըլլալ հեռատես ու հայոց ազգին հանդէպ արդար:
Ընկերային լաւագոյն փոփոխութիւնները կ՛ըլլան ներսէն: Դուրսէն պարտադրուած կամ հրահրուած փոփոխութիւնները միմիայն վնասակար են, որուն հետեւանքները աղիտալի կրնան ըլլալ տուեալ ժողովուրդին եւ երկրին համար:
Սիրելիներ,
Մեր սրբազան հայրենիքին, անոր հերոսական ժողովուրդին, ու անոր պետականութեան ամրապնդումին լաւագոյնս ծառայելու համար, մեր իղձը եւ անընկճելի նպատակն է գոյառումը հայկական համերաշխ, հզօր, երկարակեաց եւ միացեալ Սփիւռքի մը:
Այս ուղղութեամբ ժամանակն է ճշդելու ու որդեգրելու մէկ եւ միակամ Համազգային Տեսլական ու Գաղափարախօսութիւն:
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը ամբողջովին յանձնառու է ազգօգուտ այս առաքելութեան:
Աւարտին, կ՛ուզենք մեր խորին շնորհակալութիւնը յայտնել Հայաստանի Հանրապետութեան Վսեմաշուք Նախագահ Պարոն Սերժ Սարգսեանին, որ նման հսկայական համագումարի մը կազմակերպումը հայրենիքի մէջ կարելիութիւն դարձուց: Նաեւ յատուկ շնորհակալութիւն Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարար Դոկտ. Հրանուշ Յակոբեանին եւ իր գլխաւորած անձնակազմին նման հսկայ ձեռնարկ մը լաւագոյնս կազմակերպելուն համար:
Կեցցե՛ն Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնները և նաեւ Միասնակամ, Հզօր եւ Համերաշխ Սփիւռքը:
Կեցցէ՛ Հայ ժողովուրդը:
Leave a Reply
News
-
10.08.2020
Armenia delegation meets with Catholicos-Patriarch Krikor Bedros XX in
-
10.08.2020
Tehran’s Armenian church holds requiem in honor of Beirut explosion
-
10.08.2020
Lebanese Government prepares to resign
-
08.08.2020
200 new cases and 8 deaths in last 24 hours – Armenian Center For Disease
-
08.08.2020
Artsakh reports 2 coronavirus cases in last 24 hours
-
08.08.2020
Sarkissian visits bombarded border town, praises hero villagers and troops
-
08.08.2020
Over 300 ceasefire violations by Azerbaijan in one week, says Artsakh
-
07.08.2020
Post-Soviet area priority for Russia's foreign policy – Putin
-
07.08.2020
Sarkissian discusses Beirut Armenian community relief programs with AGBU
-
07.08.2020
13 Lebanese-Armenians killed in Beirut blast – embassy

