ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս  Հասաւ  Լիբանանի Պասքեթպոլի Ախոյեանութեան Աւարտականին

ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի  տղոց պասքեթպոլի  խումբը  յաղթանակ մը եւս աւելցուց  իր   յաղթարշաւին  վրայ, երբ Լիբանանի պասքեթպոլի ախոյեանութեան չորրորդ դասակարգի  «Ֆայնըլ Ֆոր»  փուլի  մրցումներուն գծով, Կիրակի 16  Փետրուար 2020-ին, Շիահի մարզադաշտին  մէջ՝  72-62 արդիւնքով  պարտութեան մատնեց Քըֆըրհազիրը:

  Մրցումը  ընթացաւ ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի  տղոց   տիրապետութեան տակ:  Մեր տղաքը մրցումին առաջին իսկ պահէն  ցուցաբերեցին  յաղթանակի  տրամադրութիւն:

Շնորհիւ  սոյն  յաղթանակին,  ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս  Հասաւ  Լիբանանի Պասքեթպոլի Ախոյեանութեան Աւարտականին Անդրանիկ Անթիլիասի տղաքը հասան  չորրորդ դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական փուլին:  Կ’արժէ նշել, որ մեր տղաքը  յառաջիկայ տարուան համար,  արդէն իսկ ապահոված են երրորդ  դասակարգի ախոյեանութեան  մրցումներուն  մասնակցելու  իրենց ուղեգիրը:

Ջերմապէս կը շնորհաւորենք   ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի պասքեթպոլի  խումբին մարզիկները, մարզիչ  Ճորճ Տաղերը, վարչական պատասխանատու՝ Թոնի Ճունթոյեանը եւ  բոլոր համակիրները սոյն յաջողութեան  համար: :

Աւարտականին,   ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի  մրցակիցը պիտի   ըլլայ Հուփս Մեթնը:

ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *