Մեսրոպեանի Աշակերտները Կատարեցին Մկրտութեան Խորհուրդի Վերահաստատման Խոստում

13 Փետրուար 2020-ին, եւ յաջորդաբար չորրորդ տարին ըլլալով, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի 8-րդ դասարանի աշակերտները կատարեցին Մկրտութեան խորհուրդի վերահաստատման խոստում, ըլլալու այն, ինչ որ իրենց մանկահասակ տարիքին՝ Սուրբ Մկրտութեան ատեն կնքահօր բերնով յանձնարարուած էր իրենց որպէս հաւատաւոր քրիստոնեայ:

Արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Սուրբ Պատարագի ընթացքին, զոր մատոյց Մեսրոպեանի հոգեւոր վարիչ Տէր Ռաֆֆի քհն. Յովհաննէսեան, Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ: Արարողութեան ներկայ եղան վարժարանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ, ուսուցիչներ, աշակերտներու ծնողներ, կնքահայրեր ու կնքամայրեր, հարազատներ:

Նախքան այդ, Տէր Ռաֆֆի առանձին զրոյցով մը ծնողներուն բացատրեց արարողութեան նպատակը: Ան յորդորեց ծնողները, որ անձնական օրինակով իրենց զաւակներուն ցոյց տան Ճշմարտութեան ճամբան եւ ամէն ջանք թափեն, որ անոնք չխոտորին անորմէ:

Աշակերտները, իրենց հերթին կատարեցին անհատական եւ հաւաքական աղօթքներ՝ օրուան խորհուրդին համաձայն, հուսկ, ստորագրութեամբ վաւերացնելով իրենց խոստումը՝ ճշմարիտ քրիստոնեաներ դառնալու վերաբերեալ:

Արարողութեան աւարտին, մասնակիցները ուղղուեցան եկեղեցւոյ հանդիսասրահ, ուր ցուցադրութեան դրուած էին աշակերտներու մկրտութեան լուսանկարները:

Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *