Մարդասիրական կեցուածքն ու իրարօգնութիւնը անծանօթ երեւոյթ մը չէ լիբանանեան հասարակութեան մէջ, մինչ քաղաքացիական պատասխանատուութիւնը աւելի եւս կը զարգանայ ժամանակին հետ:
Այս ծիրէն ներս «Տաֆա» նախաձեռնութիւնը առաջին տարին չէ, որ ձմեռնամուտին կը փորձէ հասնիլ իր մարդ եղբայրակիցներուն, որոնք ձմրան ցուրտ կամ դժուար օրերուն մարդկային «ջերմութեան» կարիքը ունին:
Այս տարի «Տաֆա» նախաձեռնութեան պարէններէն 45 բաժին Պուրճ Համուտի Վահան Թէքէեան Վարժարանին միջոցաւ իսկ 35 բաժին ալ ՌԱԿ Պայքար ակումբին միջոցաւ հասաւ մեր կարիքաւոր հայրենակիցներուն, գոնէ մասամբ մը թեթեւցնելու անոնց տնտեսական հոգերը:
Տրամադրուած նպաստը բաժնելու աշխատանքին վերահսկողութիւնը յանձնուեցաւ ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան գանձապահ ընկ. Սեդրակ Քիւրէճեանին, որ ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս բծախնդիր եւ արդար կերպով ու ձեռներէցութեամբ կատարեց իրեն վստահուած առաքելութիւնը: