19-րդ թելեթոնը արձանագրեց մեծ յաջողութիւն
ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.-Այո, Կիրակի, Սեպտեմբեր 8-ի ժամը 4։00-էն մինչեւ կէս գիշերի ժամը 12։00-ը տեղի ունեցած Հայ-ամերիկեան հաշմանդամ եւ կարիքաւոր երեխաներու ֆոնտին 19-րդ թելեթոնն ալ, նախորդող 18 թելեթոններուն պէս, իր նիւթական, բարեսիրական եւ հայրենասիրական իմաստներով յաղթական յաջողութիւն մը արձանագրեց: Յաղթական, որովհետեւ անցաւ 200,000 տոլարի սահմանը: Բարեսիրական՝ Սպիտակի երիտասարդական եւ պատանեկան մարզա-մշակութային կեդրոնը վերանորոգելու նպատակով: Հայրենասիրական՝ հայրենի մեր երեխաներուն ու պատանիներուն հնարաւորութիւն տալով, որպէսզի անոնք ապագային մարզական զանազան ճիւղերու մէջ փայլուն աստղեր դառնան, մայր Հայաստանին անունը աշխարհով մէկ պանծացնեն եւ հայ ժողովուրդին արդար հպարտութիւն պատճառեն:
Ահաւասիկ ա՛յս հաւատքով եւ յոյսով Յովհաննէս Բալայեանի կողմէ հիմնուած է եւ անխախտ յարատեւութեամբ կը շարունակուի Հայ-ամերիկեան հաշմանդամ եւ կարիքաւոր երեխաներու ֆոնտը, իր կողքին ունենալով գործադիր մարմնի անդամները:
Իրենց կարգին, Ֆոնտին հայրենանուէր ծառայութենէն, անոր 19 տարիներու հայրենաշէն մեծ թէ փոքր վերանորոգչական ու կառուցողական իրագործումներէն քաջալերուած, հայ ժողովուրդի մեծ թէ փոքր նուիրատու զաւակները մնայուն կերպով կը զօրակցին ֆոնդին: Ահաւասիկ փաստացի վկայութիւններ Ֆոնտի անուրանալի իրագործումներուն մասին.
1) Դալարիկի եւ Խարբերդի գիշերօթիկ զոյգ դպրոցները: Հաշմանդամ երեխաներու 3-յարկանի շէնքը:
2) Գիւմրիի 7 Հրեշտակաց դպրոց մանկամսուրը, նուիրուած Աւետիսեան ընտանիքի եօթը անմեղ զոհերուն:
3) Տաւուշի Պառաւաքար դպրոցը:
4) Շիրակի Նանսենի անուան երեխաներու խնամքի եւ պաշտպանութեան հաստատութիւնները:
5) Սպիտակի թիւ 1 դպրոցը եւ անոր կից մարզադաշտը:
6) Կոտայքի մարզի Գողթ գիւղի մանկապարտէզ դպրոցը:
7) Լապտերիկի մանկամսուրի եւ դպրոցի հիմնական վերանորոգութիւնները:
8) Սպիտակի մարզա-մշակութային կեդրոնը եւ պատանիներու յատուկ սրահի շինարարութիւնը:
Հայ-ամերիկեան հաշմանդամ եւ կարիքաւոր երեխաներու ֆոնտի 19-րդ թելեթոնին ելոյթ ունենալու համար Վրէժ Աղաջանեանի AABC-ի Սթիւտիոն այցելելով, Մամբրէ աւագ Քհնյ. Քեսաբեան, յանուն Հայ Առաք. Եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի կատարեց բացման աղօթքը, տուաւ իր օրհնութիւնները եւ յաջողութիւն մաղթեց թելեթոնին: Իր կարգին, ֆոնտի հիմնադիր նախագահ Յովհաննէս Բալայեան, հեռուստադիտողներուն ուղղուած ողջոյնի ջերմ խօսքերով դիմելով յիշեցուց, որ այս դրամահաւաքին շնորհիւ կարելի պիտի դառնայ վերանորոգութիւնը Սպիտակի մարզա-մշակութային կեդրոնին եւ պատանիներու մարզումներու յատուկ սրահներուն:
Կամաւորներու խումբը, Վարդան Կարապետեանի փորձառու առաջնորդութեամբ հեռախօսազանգերուն պատասխանելով, ժամը 4:30-էն մինչեւ ուշ գիշեր արձանագրեց խոստացուած նուէրները: Կամաւորներ Ռոզիկ Քէշիշեան, Արա եւ Ժանէթ Խանկալդեաններ ժրաջանօրէն օժանդակեցին թելեթոնի աշխատանքներուն: Հաղորդավարներ Արթուր եւ Արմինէ Սուքիասեանները, Լուիզ Կիլ Մարտիրոսեան, Յովիկ Գաբիկեան, Թոմիկ Ալեքսանեան, Տոքթ. Վահան Ալադադեան, Ստեփան Յովակիմեան, Անահիտ Մատոյեան եւ, ի հարկէ Յովհաննէս Բալայեան, Ռայմոն Սարաֆեան եւ Սարօ Առաքելեան մթնոլորտը աշխոյժ պահեցին ժողովուրդին ուղղուած իրենց կոչերով եւ այցելուներու հետ ունեցած հարցազրոյցներով: Առանձնապէս յիշատակելի է նաեւ սթիւտիօ այցելելով՝ կանխիկ, check-ով, Credit Card-ով նուիրատու հայրենակիցներուն ստացագիրներ հայթայթող Սարգիս Թօփալեանի մարաթոնեան անխոնջ աշխատանքը մինչեւ կէս գիշեր: Յիշեցնենք նաեւ, թէ 19-րդ թելեթոնին համար անհրաժեշտ տպագրական բոլոր աշխատանքները բարձր մակարդակով կատարուեցան Սարգիս Թօփալեանի «Երեւան» տպարանին մէջ:
Կլենտէյլի Raffi’s Market-ը, Raffi’s Place ճաշարանը, Pizza Man-ը եւ Movses Bakery-ն՝ թելեթոնի կամաւորներուն եւ այցելող հիւրերուն հայթայթած իրենց առատ ու համադամ ուտեստներով արժանի են մեծ շնորհակալութեան:
Թելեթոնէն հնչող հայրենի անուշիկ երեխաներուն սքանչելի երգերը, համոյթներու եւ յատկապէս «Գոհար» երգչախումբ-նուագախումբի ընտիր ու եզակի ելոյթները, գումարած՝ համայնքի մամուլի, միութենական, կազմակերպական, մշակութային թէ բարեսիրական դէմքերու քաջալերական խօսքերը, մեծապէս սատարեցին 19-րդ թելեթոնի յաջողութեան, որուն համար շնորհաւորելի են բոլորը:
Յովհաննէս Բալայեան երախտագիտական ջերմ խօսքերով շնորհակալութիւն յայտնեց հայ ժողովուրդին եւ այն բարերար նուիրատուներուն, որոնք Հայ-ամերիկեան հաշմանդամ եւ ծնողազուրկ երեխաներու ֆոնդի 19-րդ թելեթոնի արդիւնքը $200,000-էն աւելիին հասցուցին: Բոլորին վարձքը կատար:
Ս. ՄԱՃԱՌԵԱՆ