Առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան այցելեց Սան Փաուլօ եւ Պուէնոս Այրէս

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.-Գարեգին Բ. կաթողիկոսի տնօրինութեամբ և օրհնութեամբ ստեղծուած է Ս. Էջմիածնի Մայր Տաճարի վերանորոգութեան յանձնախումբ, որուն ատենապետն է Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան։ Սրբազան Հայրը լայնօրէն լծուած է նուիրահաւաքի աշխատանքներու կազմակերպման, և այդ նպատակով նախորդ շաբաթ շարք մը այցելութիւններ ունեցաւ Հարաւային Ամերիկայի հայոց թեմերը։

Օգոստոս 29-30-ի օրերուն Յովնան Սրբազանը գտնուեցաւ Սան Փաուլօ և ապա Օգոստոս 31-Սեպտեմբեր 1՝ Պուէնոս Այրէս։ 29 Օգոստոսը տրամադրուեցաւ բարերար Անդրէ Քսաչիքեանի ընտանիքին, մասնակցելով անոր հօր՝ Անդրանիկ Քսաչիքեանի թաղմանական արարողութեան։  Օգոստոսի 30-ին Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոսարանին մէջ տեղի ունեցաւ բարի գալստեան ընդունելութիւն Տիկին Պուրմայեանի հրաւէրով, ուր հրաւիրուած էին համայնքի բոլոր պատասխանատուները՝ գլխաւորութեամբ թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Եպս. Պէրպէրեանի։ Այս ընդունելութեան ընթացքին Սրբազան Հայրը հանգամանօրէն ներկայացուց Ս. Էջմիածնի Մայր Տաճարի վերանորոգութեան ծրագիրը։ Խօսքերով հանդէս եկան նաև Առաջնորդ սրբազանն ու Անդրէ Քսաչիքեան։

Յաջորդ հանգրուանը Պուէնոս Այրէսն էր։ Տ. Յովնան արքեպիսկոպոսը այստեղ առաջին օրը ունեցաւ հանդիպում Առաջնորդ սրբազանին և թեմական խորհուրդին հետ և պատշաճօրէն ներկայացուց այցելութեան նպատակը։ Շաբաթ, 31 Օգոստոսի երեկոյեան պաշտօնապէս այցելեց ՀԲԸ Միութիւն և հանդիպում կայացաւ վարչութեան հետ։ Կիրակի, 1 Սեպտեմբերին Սրբազան Հայրը Ս. Պատարագ մատուցեց Առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ։ Այստեղ նաև ցուցադրուեցաւ Շողակաթի կողմէ պատրաստուած տեսերիզը։ Յովնան Սրբազանը «Տակաւին հաւատք չունի՞ք» բնաբանով քարոզին մէջ հանգամանօրէն խօսեցաւ Ս. Էջմիածնի Մայր Տաճարի վերանորոգութեան մասին։ «Մայր Տաճարի վերանորոգութիւնը մեր և՛ պարտքն է, և՛ պատիւը», ի մասնաւորի իր խօսքին մէջ ըսաւ Յովնան Սրբազանը։

Հարաւային Ամերիկա այցելութիւնը իր աւարտին հասաւ Սեպտեմբեր 2-ի առաւօտեան Պուէնոս Այրէսի մէջ վարչական անդամներու հետ հանդիպմամբ, որու ընթացքին նուիրահաւաքի վերաբերեալ աշխատանքի յստակ ուղեգիծ ներկայացուեցաւ։

 

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *