ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս սկաուտական շարժումի խնդրանքով, ՀԵԸ Վեթերան սկաուտներու համախմբումը, ատենապետուհի Մայտա Քիւրեճեանի գլխաւորութեամբ, խաղողօրհնէքի աւանդական արարողութիւն մը կազմակերպեց ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի Ռաս էլ Մեթնի բանակավայրին մէջ:
Խաղողօրհնէքը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 15 Օգոստոս 2019-ին: Այս առիթով պատրաստուած գեղեցիկ խորանին առջեւ, Տէր Ղեւոնդ քհնյ. Լոշխաճեան, ՀԵԸ-ի Վեթերան սկաուտներու համախմբումի անդամ-անդամուհիներուն, ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի սկաուտական, գայլիկական, քառավելական, երէցական եւ խմբապետական կազմերուն,միութենականերուն, հիւրերուն եւ ծնողներուն փոխանցեց օրուան պատգամը:
ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ