«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Յուլիս 30-ին Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպան Վահագն Աթաբէկեան այցելեց
ԵՈՒՆԻՖԻԼ կեդրոնակայան:
Այցի ընթացքին ՀՀ դեսպանը հանդիպում ունեցաւ ԵՈՒՆԻՖԻԼ ղեկավար զօրավար-հրամանատար Ստեֆանօ Տէլ Գոլի հետ:
Զրուցակիցները քննարկեցին կազմակերպութեան հետ համագործակցութեան եզրերն ու հեռանկարային ծրագրերը:
ԵՈՒՆԻՖԻԼ հրամանատարը բարձր գնահատեց ՀՀ խաղաղապահ զօրախումբի իրականացուցած ծառայութիւնը առաքելութեան կազմէն ներս: