ԹՄՄ Փասատինա-Կլենտէյլ. «Վէմ» լարային քառեակի ելոյթը

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Թէքէեան Մշակութային Միութեան Փասատինա-Կլենտէյլ մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ Քալիֆորնիոյ Լոս Անճելըսի Համալսարանի (UCLA) «Վէմ» լարային քառեակի տարեկան երկրորդ համոյթը՝ Կիրակի, 19 Մայիս 2019-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, ԹՄ Միութեան Ալթատինայի Պէշկէօթիւրեան կեդրոնի սրահին մէջ։

Աւելի քան հարիւր կոչնականներ կանուխէն փութացած էին վերոյիշեալ սրահը, ունկնդրելու հայկական երգն ու երաժշտութիւնը՝ օտար արուեստագէտներու կատարողութեամբ։

Մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ՝ ատենապետ Գէորգ Քէօշկէրեան բարի գալուստ մաղթեց ներկայ մշակութասէր ազգայիններուն եւ ապա հրաւիրեց «Վէմ» լարային քառեակի գեղարուեստական ղեկավար Փրոֆ. Մովսէս Պօղոսեանը, որ ներկայացնէ արուեստագէտներն ու ընթացք տայ յայտագրին։

Փրոֆ. Պօղոսեան բարձր գնահատեց Թէքէեան Մշակութային Միութեան Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի Կեդրոնական վարչութիւնը, որ երկրորդ տարին ըլլալով, նիւթապէս սատար կը հանդիսանար «Վէմ» լարային քառեակին՝ որ ան գոյատեւէր եւ շարունակէր իր ազգօգուտ առաքելութիւնը։ Ան, ապա իր երախտագիտութիւնը յայտնեց ԹՄ Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան՝ որու հովանաւորութեամբ «Վէմ» լարային քառեակը կատարած էր շրջապտոյտ մը՝ հանդէս գալով Մոնթրէալի, Տիթրոյթի, Պոսթոնի, Կլենտէյլի եւ Ալթատինայի մէջ։ Ան հպարտութեամբ նշեց, որ խումբը պիտի մեկնէր Մայր Հայրենիք, ելոյթ ունենալու քաղաքամայր Երեւանի մէջ։

Մայէսթրօ  Պողոսեան՝ ներկայացնելով խումբի անդամները, նշեց թէ անոնցմէ երկուքը՝ առաջին ջութակահար Ճի Եուն Ուանկ եւ երկրորդ ջութակահար Այիքօ Ռիճթըր շրջանաւարտ ըլլալով պիտի ձգէին խումբը, իսկ թաւջութակահար Մորկըն Օ՚Շէնըսի եւ չէլիսթ Ճէյսըն Փէկիս պիտի շարունակէին մնալ խումբին մէջ։

Գալով Մեցցօ-սոփրանօ Տանիէլ Սէկընին՝ որ հինգ տարիէ ի վեր անդամ է խումբին, պիտի շարունակէ մնալ։ Տանիէլ 2015-ին գացած էր Հայաստան եւ առաջին անցամ ըլլալով հոն երգած էր Գեղուհի Չիթչեանի «Մանուշակին» երգը, հեղինակին ներկայութեան։ Տանիէլ մեծապէս տպաւորած էր հայրենի երաժշտասէր հասարակութիւնը։

Խնամքով պատրաստուած յայտագիրը ընթացք առաւ հետեւեալ կարգով։ Լարային քառեակի մեկնաբանութեամբ հրամցուեցաւ Խաչատուրեանի «Գայիանէ» պալէէն՝ «Աղջկանց պարը» եւ Կոմիտասի «Կարմիր շալ»ն ու «Ամպել ա»ն։

Մեցցօ-սոփրանօ Տանիէլ Սէկըն ապրումով մեկնաբանեց Գեղուհի Չիթչեանի «Մանուշակին» երգը։ Ան բացատրեց, թէ ինչպէս հովը մանուշակը կը պոկէ իր արմատէն՝ որպէսզի հետը տանի եւ պտտցնէ աշխարհը, ծայրէ-ծայր… սակայն մանուշակը ակամայ կը թոռմի եւ կը չքանայ։

Սէկընի երկրորդ մեկնաբանութիւնն էր Վահան Թէքէեանի բանաստեղծութիւններէն երգի վերածուած երեք ոտանաւորներէն երկրորդը՝ «Փափաք», որուն հեղինակն է լոսանճելըսաբնակ երգահան Արտաշէս Գարթալեանը։ Այս մէկը առաջին անգամ ըլլալով կը ներկայացուէր Թէքէեան Մշակութային Միութեան կազմակերպած շրջապտոյտի ընթացքին։ Թէքէեանի երգի վերածուած միւս երկու բանաստեղծութիւններն են՝ «Ես սիրեցի» եւ «Հաշուեյարդար»ը։

Լարային քառեակի մեկնաբանութեամբ հրամցուեցաւ Խաչատուրեանի «Դիմակահանդէսի պարը» (Valse from the Masquerade Suite) եւ Կոմիտասի «Չինար ես» -ն ու «Կաքաւիկը»։

Յայտագրի վերջին մասով դարձեալ բեմ հրաւիրուեցաւ Տանիէլ Սէկընը, որ ներկայացուց Ալան Յովհաննէսի «Եար Նազանի»ն։ Ան բացատրեց, թէ ինչպէս երիտասարդ սիրահարը ճամբայ ելած էր գտնելու իր սազն ու հոգեհատորը։ Առ ի գնահատանք՝ հանդիսատեսները յոտնկայս ծափահարութեամբ ողջունեցին արուեստագէտները։

Յայտագրի աւարտին՝ Գէորգ Քէօշկէրեան շնորհակալութիւն յայտնեց արուեստագէտներուն, գեղարուեստական ղեկավար Մովսէս Պօղոսեանին եւ հանդիսատեսներուն ու ապա հրաւիրեց բոլորը որ մասնակցին հիւրասիրութեան եւ միեւնոյն ժամանակ մօտէն ծանօթանան արուեստագէտներուն հետ։

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *