«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Վարչապետ Սաատ Հարիրիի նախագահութեամբ, Երկուշաբթի կէսօրէ ետք, կառավարութիւնը հրաւիրեց 16-րդ նիստ մը՝ նուիրուած պիւտճէի քննարկման:
Տեղեկատւութեան նախարար Ժամալ Ժարրահ՝ Կիրակի օրուան նիստէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ տարբեր նախարարներէ վերջնական պատասխաններ կ՝ակնկալէ իրաւական դրոյթներուն եւ ելեւմտական ցուցանիշներուն վերաբերեալ:
Երկուշաբթի առաւօտեան, Ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ, Twitter-ի իր էջին վրայ կը նշէր, թէ Երկուշաբթի օրուան նիստը «վերջնական վերանայման» համար է:
Ան նաեւ կը նշէր, որ Կիրակի օրուան նիստին պիւտճէի նախագիծին վրայ ուշագրաւ յօդուածներ չեն աւելցուած: «Կար միայն մէկ լրացուցիչ յօդուած, մնացեալը ենթակայ է կառավարութեան քննարկման»,- գրած էր ան:
Խալիլ նաեւ Երկուշաբթի առաւօտեան յայտարարեց, որ 2019-ի Պետական պիւտճէն պակասուրդը պիտի նուազեցնէ Համախառն ներքին արդիւնքի (ՀՆԱ) 8.3 տոկոսի չափով կամ աւելի քիչ, 2018-ին ՀՆԱ-ի մօտ 11 տոկոսէն: