ՀԲԸՄ-ի Վեթերաններու վարչութիւն
Health And Wellness
ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Բժիշկ Ալէն Գարակէօզեան գրաւած է հայ համայնքին յարգանքն ու հետաքրքրութիւնը, իր բուժարանի այցելուներուն անզուգական եւ նուիրեալ ծառայութիւններով:
ՀԲԸՄ-ի Վեթերաններու վարչութիւնը կազմակերպած էր մարդկային առողջապահական մարզին վերաբերեալ բանախօսական ձեռնարկ մը «Առողջ մնալու հրամայականը» նիւթով, Չորեքշաբթի, 10 Ապրիլ 2019-ի երեկոյեան ժամը 7։30-ին, ՀԲԸՄ-ի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի Աղաճանեան սրահին մէջ:
Օրուան բանախօսն էր բժիշկ Ալէն Գարակէօզեան, որ 3 տարեկան հասակին, ծնողքին հետ գաղթած է Ամերիկա: Իր ուսման կաճառին առաջին քարը դրուած է ՀԲԸՄ-ի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանին մէջ, Քանոկա Փարք, Լոս Անճելըս: Ան յաջորդաբար, ուսանած է երեք համալսարաններու մէջ, բժշկական տիտղոսին տիրանալով եւ մասնագիտանալով իր բժշկական կիրառութեան մէջ:
Օրուան հանդիսավար Յակոբ Մարտիրոսեան, բժիշկ Ալէն Գարակէօզեանի կենսագրական գիծերը ու անոր մասնագիտութեան ճիւղերը ներկայացնելէ ետք, զինք բեմ հրաւիրեց ներկայացնելու համար իր զեկոյցը:
Բժիշկ Գարակէօզեան նախապէս, նոյն բեմին վրայ ներկայացուցած էր տարբեր նիւթերով այլ զեկոյցներ եւս, սակայն այդ օրուան զեկոյցը խիստ հետաքրքրական դարձած էր, որովհետեւ ներկաներուն մեծամասնութիւնը ունէր առողջական նման պարագաներ եւ անհամբեր կը սպասէին իր ելոյթին:
Բժիշկ Գարակէօզեան ներկայացուց 3 կարեւոր ազդակներ մարդկային կեանքը տագնապեցնող, ինչպէս նաեւ առողջապահական գետնի վրայ գոյութիւն ունեցած հիւանդութիւններուն եւ անհանգստութեանց հետեւանքները: Անոնք են՝ արեան ճնշումը, շաքարախտը եւ մարմնի մէջ ճարպային կուտակումը: Բժ. Գարակէօզեան իւրաքանչիւր ախտի ծագումն ու հետեւանքները ներկայացուց գիտական առումով, անոնց ազդեցութիւնները մարդկային մարմնի վրայ, որոնք շատ յաճախ անհատը կը տանին հիւծումի, մաշումի եւ սպառումի, անշուշտ եթէ կանխաւ անոնց առաջքը չառնուի բժշկական միջոցներով: Բժ. Գարակէօզեան մանրամասնօրէն նկարագրեց իւրաքանչիւր ախտի արուեստական բուժման միջոցներէն առկախ, մարդկային անհատական կամքի, մարմնամարզանքի, հոգեկան եւ մտային կարողութիւններուն մասին, որոնց բարեհաճոյ, լաւատեսութեան եւ բարձր ոգեկան կեանքի եւ կենցաղի վարուելակերպը, շատ յաճախ հրաշքներ կրնայ գործել անհատին առողջութեան վրայ:
Բժիշկ Գարակէօզեան իր զեկոյցը աւարտելէ ետք, ներկաներուն հետ մտերմիկ հարց-պատասխանով շարունակեց իր թելադրութիւնները առողջ մնալու հրամայականով:
Խիստ շահեկան էր սոյն ելոյթը, որուն համար մեծապէս շնորհակալ ենք բժիշկ Ալէն Գարակէօզեանէն, որ իր ժամանակը տրամադրեց ՀԲԸՄ-ի Վեթերաններու վարչութեան եւ ներկաներուն։
Հանդիսութեան աւարտին զրոյցը շարունակուեցաւ հիւրասիրութեան շուրջ։
ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ