ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Նիւթը առնուած է ամերիկահայ կեանքէն. չհինցող եւ նոյն ատեն մաշեցնող իրականութիւնը մեր առօրեային։ Քէշիշեան ընտանիքը իր դուստրին համար փեսացու մը գտնելու յոյսով կ՚ապրի. Իսկ հայու մը հետ կարգելը՝ նախապայման կը սեպեն։ Ապա՝ տոքթոր մը ըլլայ, շատ դրամ շահի… եւ իրենց աղջիկը բախտաւոր դառնայ։ Եւ պատմութիւնը ծայր կ՚առնէ երգիծական յաջող կսմիթներով, ակնարկներով, հայերէն արտայայտութիւններով (ի դէպ՝ թատրոնը անգլերէն լեզուով է), որոնք կը համեմեն երգիծախաղը։ Երկու խնամիներուն չափազանցուած խառնուածքը,– ծրագրելու եւ դասաւորելու իրենց զաւակներուն հարսանիքը,– զաւեշտալի պահեր պարգեւեցին հանդիսատեսին։ Ի վերջոյ, բազմազբաղ փեսացուն կը յայտնուի եւ հարսնցուն օտարին ու հայուն միջեւ կ՚ընտրէ Արի Աբովեանը։
Կը շնորհաւորենք երիտասարդ թատերագիր, բեմադրիչ եւ լրագրող Թալին Պապայեանը, որ քաջօրէն նետուեցաւ այս գործին. շուրջ 600 աթոռ հաշուող սրահը ՀԲԸՄ-ի «Վ. եւ Թ. Մանուկեան սրահին» բերնէ բերան լեցուն էր Մարտ 31-ի այդ երեկոյեան։ Թալին կու գայ Արեւելեան ափէն, Նիւ Ճըրզիէն, սակայն անոր արտամները կը հասնին Միջին Արեւելք՝ Պէյրութ, Հալէպ եւ Այնթէպ։ Ան քաջածանօթ է սփիւռքահայուն բոլոր կողմերուն։ Գրող-բեմադրող այս երիտասարդուհիին գրիչը սուր է։ Ան ուղղակիօրէն թէ անուղղակիօրէն «դպաւ» հայաշատ մեր քաղաքներու հայկական կեանքին, ընկերային կեանքի թերութիւններուն՝ բամբասանք, տգիտութիւն, միջակութիւններու «իշխանութիւն», ինքնասիրահարուածութիւն, դիմացինին դրականը եւ իր եսին ժխտական կէտերը չտեսնելու տկարութիւն, օտարին դիմաց աժան հայրենասիրութիւն, եւ այլն, եւ այլն, եւ այլն։
Դերակատարումը յաջող էր (16 երիտասարդ ու փորձառու դերասաններու խումբ մը), որոնք վստահաբար «պիտի եփին», դառնալու մէկական աստղեր։ Մենք կը հաւատա՛նք, որ կամենալը կարենալ է։ Բարի երթ եւ յաջողութի՛ւն բոլորին։
Պիտի անդրադառնանք։
Հ.Ս.