Ութ Հայ Գրողներու Նուիրուած Յոբելինական Ձեռնարկ (լուսանկարներ)

ԹՄՄի Լուրեր

Պէյրութ

ՎԻԳԷՆ ԹՈՍՈՒՆԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Աշխատակից

Թէքէեան Մշակութային Միութեան Լիբանանի Տեղական վարչութեան նախաձեռնութեամբ մեծարանքի ձեռնարկ մը կազմակերպուեցաւ ութ հայ գրողներու: Մեծարուեցան Ակսէլ Բակունց, Վահան Թոթովենց, Ստեփան Զօրեան, Յովհաննէս Թումանեան, Անդրանիկ Ծառուկեան, Երուանդ Օտեան, Պարոյր Սեւակ եւ Սիլվա Կապուտիկեան:

Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Թէքէեան Կեդրոնի առաջին յարկի սրահին մէջ, ներկայութեամբ արուեստասէր բազմութեան մը: Յատկանշական էր երիտասարդ սերունդի ունկնդիրներու եւ գեղարուեստական յայտագրի մասնակցողներու ներկայութիւնը: Ներկայ էին Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հիմնադիրներու մարմնի ատենապետ Ընկ.Յակոբ Գասարճեան եւ անդամներ, ներկայ էին ՌԱԿԼիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամներ եւ արուեստասէր հայորդիներ:

Բացման խօսքը կատարեց ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենադպիր եւ ԹՄՄի Լիբանանի Տեղական վարչութեան անդամ Վիգէն Թոսունեան, որ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ.

«… հայ ժողովուրդը եւ մշակոյթը կապուած են իրարու աներեւոյթ ու յաւիտենական թելերով: Հայ ժողովուրդը շատ հին ժամանակներէ ստեղծած է արուեստ, քանդակած է, յօրինած է, պարած է, գրած է: Շատ հին ժամանակներէ հայը գիտցած է մշակոյթին արժէքը մարդու կրթութեան եւ քաղաքակրթութեան զարգացման գործին մէջ: Ինչ որ ժառանգած է իր նախահայրերէն փոխանցած է իր զաւակներուն եւ թոռներուն»:

Ան իւրաքանչիւր մեծարեալը նկարագրեց հետեւեալ կերպով. «Ակսէլ Բակունց որպէս գիւղացիին հոգեբանութեան գիտակ մտաւորական, իր պատմուածքներուն մէջ ներկայացուց հայ գիւղացիի կեանքին դժուարութիւնները եւ անոր պայքարը անարդարութեան դէմ:  Ան զոհ գնաց 1937-ի սթալինեան վարչակարգի անարդար վճիռին:

Վահան Թոթովենց կը կրէր իր ծննդավայր Խարբերդի ոգին: Ան այն հազուագիւտ գրողներէն էր, որոնց գրականութեան մէջ կային արեւմտահայը, սփիւռքահայը եւ արեւելահայը: Պատմական գրականութիւնը կարեւոր տեղ ունէր իր երկերուն մէջ: Ան զոհ գնաց 1938-ի սթալինեան վարչակարգի անարդար վճիռին:

Ստեփան Զօրեան գրած է պատմուածքներ, որոնք ներկայացուցած են 20-րդ դարու արեւելահայ մարդը իր յոյզերով: Մանկական պատմութիւններ գրած է եւ կատարած է արժէքաւոր թարգմանութիւններ:

Յովհաննէս Թումանեան կամ Ամենայն հայոց բանաստեղծը եթէ միայն «Անոյշ» եւ «Գիգորը» գրած ըլլար արդէն բաւարար էր: «Անուշ»ի անյոյս սէրը եւ աղջկան անկեղծ պայքարը պաշտպանելու համար իր սիրած տղան իր ծնողքին տգիտութենէն, Գիգոր, այն փոքրիկ գիւղացին, որ քաղաք եկած էր եւ հանդիպած էր անմարդկային վերաբերմունքի: Մեռած էր դաժան պայմաններու մէջ: Թումանեան միշտ մարդու բանաստեղծը մնաց, որ լուսարձակի տակ առաւ գիւղացիին անմեղութիւնը եւ քաղաքի կարգ մը վաշխառուներու անմարդկային վերաբերմունքը: Ասոր համար է որ ան բոլոր ժամանակներու անարդարութեան զոհ մարդու գրողն է:

Անդրանիկ Ծառուկեան այդ խիզախ մտաւորականը, որ գրեց «Մանկութիւն Չունեցող մարդիկը», որ իր ապրած որբի կեանքն էր իր յոյզերով եւ յոյսով: Անոր «Թուղթ Առ Երեւանը» իսկական մտաւորականը կը հաստատէր Ծառուկեանի մէջ, որովհետեւ ան գտաւ իսկական հայրենիքը, որ վեր էր ամէն կուսակցութենէ եւ գաղափարախօսութենէ: Հայ ժողովուրդին կը պատկանէր ան անկախ ամէն իշխող վարչակարգէ:

Երուանդ Օտեան, որու անունը կը կրէ Լիբանանի Թէքէեան Մշակութային Միութեան թատերախումբը, Օտեաններու նշանաւոր գերդաստանի շառաւիղն էր: Նշանաւոր երգիծագիր Յակոբ  Պարոնեանէն ետք երգիծաբանութիւնը օգտագործեց որպէս միջոց ընկերութեան մէջ առաքինութիւններու եւ արժէքներու զարթօնք յառաջացնելու համար: Փտածութեան եւ հարստահարութեան ոխերիմ թշնամին էր:

«Անլռելի Զանգակատունը» նշանաւոր բանաստեղծութեան հեղինակ Պարոյր Սեւակ, մարդկային արժէքներու, ազգասիրութեան կոչ ընող յառաջամարտիկն է: Մեծ դեր ունեցած է հայ գրականագիտական մարզին մէջ: Կատարած է թարգմանութիւններ մեծ հեղինակներէ: Ազգասիրութիւնն ալ կրնայ ըլլալ որ պատճառ դարձաւ իր անժամանակ մահուան:

Սիլվա Կապուտիկեան ժողովուրդին բանաստեղծն էր բանիւ եւ գործով: Վանեցի ընտանիքի զաւակ էր եւ այս իրականութիւնը միշտ իր մէջ մնաց: Եղաւ սփիւռքի շատ մը հայկական համայնքներու մէջ ու հայրենիքի դեսպանը եղաւ անոնց մօտ«:

Ապա բեմ հրաւիրուեցան երկու տաղանդաւոր հայերէն լեզուի ուսուցիչներ Պէյրութի Հայ Աւետարանական Քոլէճի հայերէնի ուսուցիչ Տիկ .Զարմինէ Ասմինեանը եւ Վահան Թէքէեան Վարժարանի հայերէնի ուսուցիչ Տիար Աւետիս Տիպանը, որոնք համապարփակ կերպով ներկայացուցին  ութ յոբելիարները:

Գեղարուեստական յայտագրին մասնակցեցան Վարդի Սալխանեան բարձր մակարդակի ասմունքով եւ Քաղաքի Հայ Աւետարանական Քոլէճէն երկու աշակերտներ ընթերցումներով: Յայտագրի պատրաստութեան մէջ իր կարեւոր դերը ունեցած էր Դոկտ.Անդրանիկ Տագէսեան:

Ձեռնարկի աւարտին, Լիբանանի Թէքէեան Մշակութային Միութեան Տեղական վարչութեան ատենապետ Տոքթ. Յակոբ Փափազեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն եւ գեղարուեստական յայտագրի մասնակիցներուն:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *