ՉՈՐՔ-ՄԱՐԶՊԱՆԻ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԳԱՐՆԱՆԱՅԻՆ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՆԱԽԱՃԱՇ-ՀԱՒԱՔՈՅԹԸ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հարաւային Քալիֆորնիոյ տէօրթ-եոլցի հայրենակիցներուն եւ անոնց բարեկամներուն համար արդէն իսկ գեղեցիկ աւանդութիւն դարձած է ամենամեայ գարնանային նախաճաշ-հաւաքոյթը, որ մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէ շնորհիւ անոր ստեղծած խանդավառ ու հաճելի մթնոլորտին:

            Կիրակի, 17 Մարտ 2019-ին, Ալթատինայի Թէքէեան Մշակութային Միութեան «Պէշկէօթիւրեան» սրահը դարձեալ ժամադրավայրը դարձած էր շուրջ երկու հարիւր հայրենակիցներու եւ անոնց հիւրերուն: Աշխոյժ խօսակցութեան ալիքները արդէն իսկ լեցուցած էին սրահը, երբ Raffi’s Catering-ի կողմէ  սպասարկուած նախաճաշին ախորժելի բոյրը սկսած էր քրքրել քիմքերը:  Հայրենակից Արամ Լեփեճեան, ելեկտրական դաշնամուրով կը հրամցնէր  հայկական ժողովրդական երգերու եւ արեւմտեան երաժշտական եղանակներու գողտրիկ փունջ մը։

            Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Միութեանս գործադիր վարչութեան նոր անդամներէն Տիկ. Թալին Արսէնեան, որ իր խօսքը ուղղեց անգլերէնով, մատչելի դառնալու համար բոլորին: Գործադիր վարչութեան երկրորդ նոր անդամն է Օրդ. Մէրի Եազլեան, որ Տիկ. Արսէնեանի հետ գործակցելով միասնաբար ծրագրած են ստեղծել նոր Facebook-ի խումբ մը «Չորք-Մարզպան» անունով, առիթ ընծայելով զանազան քաղաքներու եւ երկիրներու մէջ գտնուող տէօրթ-եոլցիներուն հաղորդակցելու համար իրարու հետ։

            Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Միութեանս վարչութեան ատենադպիր Գէորգ Յակոբեանը, բարեգալուստի խօսք ուղղելու ներկաներուն եւ կատարելու օրուան հանդիսավարի պարտականութիւնը: Ան ներկայացուց վարչութեանս կազմին  միացած երկու երիտասարդ նոր անդամները: Տիկ. Թալին Արսէնեան 20 տարիներէ ի վեր կը շարունակէ իր կրթական նուիրեալ աշխատանքը որպէս ուսողութեան (Math.) դասատու Կլենտէյլի երկրորդական վարժարանէն (GHS )ներս: Միաժամանակ ան Կլենտէյլի Միացեալ Կրթաշրջանի Ուսուցչական Ընկերակցութեան նախագահն է: Իսկ Օրդ. Մէրի Եազլեան համալսարանաւարտ, պարկեշտ, կենսունակ երիտասարդուհի մըն է, որ կ’աշխատի ելեւմտական ընկերութեան մը մէջ:

            Պրն. Յակոբեան նշեց նաեւ, թէ Միութեանս 18 հիմնադիր անդամներէն տասն արդէն իսկ յաւէտ հեռացած են մեզմէ, սակայն անոնց յիշատակը կը մնայ անթառամ մեր սիրտերուն մէջ: Իսկ մնացեալ ութ հիմնադիր անդամներէն Պրնք. Սարգիս Մինասեան եւ Ալիշան Թօփալեան կը շարունակեն նուիրումով եւ ձեռնհասօրէն ծառայել գործադիր վարչութեան կազմէն ներս. Պրն. Մինասեան որպէս ատենապետ, իսկ Ալիշան Թօփալեան՝ որպէս գանձապահ:

Հաւաքոյթը իրենց ներկայութեամբ կը պատուէին հայրենի ականաւոր գրականագէտներ՝ Դոկտ.-Փրոֆ. Սամուէլ Մուրադեանն ու Դոկտ.-Փրոֆ. Արծրուն Աւագեանը, ինչպէս նաեւ վաստակաւոր կրթական մշակներ, մտաւորականներ, ազգային-հասարակական գործիչներ, միութենական բարերարներ։

            Այդ օր սրահին մէջ կը տիրէր արտակարգ խանդավառութիւն մը, որ հասաւ իր գագաթնակէտին, երբ սիրուած երգիչ Դաւիթ Սամուէլեան, Արամ Լեփեճեանի նուագակցութեամբ, թնդացուց մթնոլորտը ազգային ու հայրենասիրական սիրուած երգերով: Յայտագրին մաս կը կազմէր նաեւ Bingo-ի վիճակախաղը, զոր ձեռնհասօրէն վարեց Տիկ. Լուսինէ Պալեան իր երիտասարդ օգնականներուն ընկերակցութեամբ:

            Օրուան խանդավառ մթնոլորտէն քաջալերուած՝ կատարուեցան հետեւեալ սրտաբուխ նուիրատուութիւնները Միութեանս բարեսիրական նպատակներուն համար.

Տէր եւ Տիկ. Արտաւազդ եւ Արուս Գալայճեաններ      $1,000

(հանգուցեալ Սարգիս Վասիլեանի յիշատակին)

Տէր եւ Տիկ. Անդրանիկ եւ Լենա Գալայճեաններ             500

(հանգուցեալ Սարգիս Վասիլեանի յիշատակին)

Տոքթ. եւ Տիկ. Սիմոն եւ Արփի Սիմոնեաններ                   500

Տիկ. Անի Սարգիսեան                                                           500

Տիկ. Շողիկ Գանտրալեան                                                                300

(ի յիշատակ իր հանգուցեալ ամուսնոյն՝ Տիգրանին)

Տիկ. Անժէլ Սեփեթճեան                                                       200

Տոքթ. Սարգիս Տեմիրճեան                                                   150

(հանգուցեալ Սարգիս Վասիլեանի յիշատակին)

Տիկ. Մէրի Աղազարեան-Կաթհրի                                        100

 

Յապաւումներով

ԹՂԹԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՄԻՈՒԹԵՆԷՆ

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *