Լիբանանի Հայոց Թեմի Հոգեւորականները Դպրեվանքին Մէջ

Շաբաթ, 23 Մարտ 2019-ին, Լիբանանի հայոց առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ արքեպիսկոպոպոս, թեմի քարոզիչ հոգշ․ Տ. Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան եւ քահանայ հայրեր Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ դպրեվանեցիներուն հետ անցուցին մտերմիկ եւ հաճելի օր մը:

Օրը սկսաւ ոտնագնդակի խաղով, իսկ կէսօորուան ճաշի ընթացքին հարազատ մթնոլորտի մէջ քահանայ հայրերն ու դպրեվանեցիները երգերով ու զրոյցով ստեղծեցին խանդավառ մթնոլորտ։ Այս առիթով, քահանայ հայերը իրենց յուշերը պատմեցին սաներուն եւ փոխանցեցին փորձառութիւններն ու խրատները։

Ճաշի աւարտին, Դպրեվանքի տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Պօղոս վրդ. Թինքճեան շնորհակալութիւն յայտնեց Նարեկ արքեպիսկոպոսին եւ քահանայ հայրերուն, բարի առաքելութիւն մաղթելով բոլորին։

Ապա խօսք առաւ Լիբանանի հայոց առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոս, որ Դպրեվանքը ստնտու մայր կոչելով՝ յորդորեց կարելի եղածին չափ օգտուիլ անկէ ու սնիլ հոգեպէս: Առաջնորդ սրբազանը ըսաւ, որ Դպրեվանքը թէ՛ ուսման օճախ է եւ թէ՛ ընտանիք։ Հոս է դպրեվանքի եզակիութիւնը, որովհետեւ ուրիշ որեւէ դպրոց միայն կրթական հաստատութիւն է, բայց դպրեվանքը ե՛ւ մեր տունն է ե՛ւ մեր դպրոցը։ Մենք դպրեվանքին մէջ կը սորվինք ծառայել մեր ժողովուրդին, կը սորվինք մեր ամէնօրեայ սիրով, կեանքով, նուիրումով, զոհողութեամբ, յարգանքով եւ վստահութեամբ։

Ջերմ ու ընտանեկան մթնոլորտը իր աւարտին հասաւ Ս․ Աստուածածին մատրան մէջ հաւաքական աղօթքի կատարումով։

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *