Կիրակի, 10 Մարտ 2019-ին, Լիբանանի հայոց առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ արքեպիսկոպոս հանդիսապետեց Զահլէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կրօնական արարողութեանց։
Սուրբ պատարագը մատուցեց Հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Ռուբէն քհն. Միսիսեան։ Քարոզեց նախկին Հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Ներսէս աւ. քհն. Ճերմակեան։
Սուրբ պատարագի աւարտին, սրբազան հայրը «Օրհնութեան գիր»-ով պատուեց Տէր Ներսէսը, որ երեսնամեայ ծառայութենէ ետք հանգստեան կոչուեցաւ։ Այս առթիւ, Նարեկ արքեպիսկոպոս ողջունեց տէր հօր երկարամեայ անձնդիր ծառայութիւնը եւ Ազգային իշխանութեան անունով շնորհաւորեց զինք։
Ի պատիւ Ներսէս քահանայ հօր, եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, որուն ընթացքին Կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտներ յուշանուէր մը յանձնեցին իրեն եւ հաւատացեալներ շնորհաւորեցին զինք։