Կիրակի, 25 Նոյեմբեր 2018ին Թրիփոլիի Ս․ Հոգեգալուստ եկեղեցի այցելեց եւ ս․ պատարագը նախագահեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ․ տ․ Նարեկ արքեպիսկոպոս։
Օրուան պատարագիչն էր Ս․ Հոգեգալուստ եկեղեցւոյ նորօծ հովիւ Արժ. տ. Սամուէլ քհն․ Աճեմեան։ Քարոզէն առաջ, առաջնորդ սրբազանը ներկայացուց ծուխի նորօծ քահանայ հայրը, եւ յորդորեց, որ հովիւ եւ հօտ ամբողջական գործակցութեամբ նոր փուլ թեւակոխեն եւ յաջողութիւններ արձանագրեն։
Ապա Ս․ Հոգեգալուստ եկեղեցւոյ հովիւը իր որդիական երախտագիտութիւնը յայտնեց սրբազան հօր եւ շնորհակալութեան խօսք ուղղեց հաւատացեալներուն՝ խոստանալով իր կարելին ի գործ դնել՝ շրջանի հոգեւոր կեանքի աշխուժացման եւ հօտի գործունէութեան զարգացման համար։
Ս․ պատարագի աւարտին, եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ, ի պատիւ քահանայ հօր եւ երէցկնոջ, տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն, որուն ընթացքին խօսք առաւ թաղակա-նութեան ատենապետ տիար Խաչիկ Ահարոնեան։ Գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցան Ազգային Նուպարեան-Խրիմեան վարժարանին աշակերտները։ Իր օրհնութեան խօսքը արտասանեց սրբազան հայրը։
Ապա Նարեկ արքեպիսկոպոս, ընկերակցութեամբ պետական երեսփոխան տիար Յակոբ Բագրատունիի, քահանայ հօր եւ շրջանի մարմիններու ներկայացուցիչներուն, այցելեց Լիբանանի աշխատանքի նախարար Մուհամատ Քապարային եւ նախկին նախարար երեսփոխան Սամիր Ժսըրին։ Հանդիպումին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները զարգացնելու կարելիութիւնները եւ շրջանի մտահոգութիւնները։