«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի գործադիր մարմինը հինգշաբթի, 29 նոյեմբեր 2018ին կը կազմակերպէ իր տարեկան դրամահաւաք- ռատիոթոնը, որ այս տարի կ’ընթանայ «փոխե՛նք ներկան՝ կերտելու ապագան» կարգախօսով։
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը վերջին ամիսներուն անցաւ դժուար հանգրուանէ, ու հիմա պատրաստ է նորովի ներկայանալ համահայկական ընտանիքին: Անցնող ամիսներուն հիմնադրամի համաշխարհային կառոյցի հաշուարկները, հաշուապահական միջազգային ընկերութիւններու կողմէ ենթարկուեցան մանրակրկիտ քննութիւններու՝ ստուգելու որեւէ հաւանական չարաշահում։ Սակայն մասնագիտական եւ քննչական տարբեր խմբակներու ստուգումներու շնորհիւ փաստուեցաւ, որ Հիմնադրամը զերծ է նման չարաշահումներէ, եւ անոր հաշիւները ամբողջական եւ բացարձակ թափանցիկութեամբ ներկայացուած են հանրութեան։ Այս իրողութիւնը հաստատեցին նաեւ Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատարն ու նախագահը, որոնք անցնող շաբաթներուն իրենց զանազան ելոյթներու ընթացքին, կոչ ուղղեցին փակելու անվստահութեան էջը՝ նոր շունչ հաղորդելով համահայկական հիմնադրամին, որպէսզի անիկա անխափան շարունակէ իր առաքելութիւնը։
Այսպէս, այս տարուան համահայկական դրամահաւաքը կ’ընթանայ անցեալ տարի որդեգրուած «Բերքառատ Արցախ» ծրագրով, որուն ընդմէջէն կը շարունակուին արթեզեան ջրհորներու հորատման եւ ոռոգման նոր ցանցի կառուցման աշխատանքները, ինչպէս նաեւ արեւային ուժանիւթով բանող համակարգի տեղադրման աշխատանքները: Բացի Արցախի մէջ իրակացուելիք ծրագիրներէն, այս տարուան թելեթոն-դրամահաւաքի հասոյթէն բաժին մը պիտի յատկացուի Հայաստանի համայնքային ենթակառոյցներու նորոգութեան, ինչ որ պիտի նպաստէ նոր աշխատատեղերու ստեղծման։
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի գործադիր մարմինը, այս տարի իր մասնակցութիւնը բերելով հանդերձ «Բերքառատ Արցախ» ծրագիրին, յարմար նկատեց իր նպաստը ունենալ, հիմնադրամի ընթացիկ գլխաւոր ծրագիրներէն մէկուն՝ Գիւմրիի մէջ անօթեւան ընտանիքներու բնակարաններու ապահովման ծրագիրին՝ տրուած ըլլալով, որ 2018-ը կը զուգադիպի Սպիտակի երկրաշարժի 30-ամեակին եւ մարմինի այս տարուան դրամահաւաք- ռատիոթոնը կը կազմակերպուի այդ յիշատակի նշումէն շաբաթ մը առաջ՝ հինգշաբթի, 29 նոյեմբեր 2018-ին առաւօտեան ժամը 10։00-էն սկսեալ, արդարեւ մարմինը որոշած է Գիւմրիի մէջ 4 ընտանիքներ օժտել նոր բնակարաններով։
Հետեւաբար, ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս բոլորս միասնաբար ազգային պարտականութեան բարձր գիտակցութեամբ, անվերապահ զօրակցութեամբ եւ ամբողջական վստահութեամբ մասնակցի՛նք այս տարուան դրամահաւաք- ռատիոթոնին, եւ թէկուզ մեր փոքր նուիրատուութիւններով աջակցինք Գիւմրիի անօթեւան ընտանիքներու բնակարաններու ապահովման ծրագրին, որպէսզի անոնք վերջապէ՛ս լքեն իրենց խոնաւ ու կիսախարխուլ տնակը, եւ ունենան քարաշէն ապահով բնակարան։
Վստահ ենք, որ մեր բոլորին աջակցութեամբ կրնանք նոր կեանք պարգեւել անոնց եւ ձեռք ձեռքի տալով պիտի ՓՈԽԵ՛ՆՔ ՆԵՐԿԱՆ՝ ԿԵՐՏԵԼՈՒ ԱՊԱԳԱՆ….
«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի
Լիբանանի գործադիր մարմին