Երէկ առաւօտ՝ Կիրակի, 7 Հոկտեմբեր 2018-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր հոգեհանգստեան պաշտօն, քանի մը օրեր առաջ իր հոգին աւանդած աշխարհահռչակ երգիչ Շառլ Ազնաւուրի հոգիին համար։
Յայտնենք, որ Շառլ Ազնաւուր ամէն անգամ որ Լիբանան այցելէր, կ՚այցելէր նաեւ մայրավանք եւ հանդիպում կ՚ունենար վեհափառ հայրապետներուն հետ։
Նշենք, որ Երջնյկ. Տ.Տ. Խորէն Ա. կաթողիկոսը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Իշխանի Կարգ»-ի շքանշանով պարգեւատրած է Շառլ Ազնաւուրը։ Մեծ երաժիշտին եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին միջեւ վերջին հանդիպումը տեղի ունեցաւ շուրջ երեք տարի առաջ։