«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ-Աշխարհահռչակ հայ երգիչ Շառլ Ազնաւուրի հոգեհանգիստի արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբեր 5-ին Փարիզի Հաշմանդամներու յուշատան մէջ: Այս մասին կը տեղեկանանք «Ազնաւուր» հիմնադրամի դիմատետրէն:
Յիշեցնենք, որ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնած էր, որ պիտի մասնակցի աշխարհահռչակ երգիչի հոգեհանգիստի եւ յուղարկաւորութեան արարողութիւններուն: