Եգիպտոսի Արաբական Հանրապետութիւն կատարած պաշտօնական այցի ծիրէն ներս Սեպտեմբեր 25-ին սփիւռքի նախարարութեան պատուիրակութիւնը ընդունեց Եգիպտոսի վարչապետ Մուսթաֆա Մատպուլին
Հանդիպումին անդրադարձ կատարուեցաւ հայ-եգիպտական յարաբերութիւններուն, Եգիպտոսի մշակութային եւ ընկերա-տնտեսական կեանքին մէջ տեղի հայ համայնքի ունեցած դերակատարութեան: Նախարար Հայրապետեան ՀՀ կառավարութեան անունէն գնահատանքի խօսք փոխանցեց Եգիպտոսի ժողովուրդին եւ պետութեան, որ Հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն հազարաւոր հայերու փրկութիւն եւ ապաստան տուած է:
Հանդիպումի աւարտին երկուստեք կարեւոր համարուեցաւ նաեւ երկու երկիրներու` սփիւռքի հետ աշխատանքները կարգաւորող պատասխանատու գերատեսչութիւններու միջեւ համագործակցութեան խորացումը:
Այնուհետեւ նախարար Հայրապետեան Եգիպտոսի Արաբական Հանրապետութեան ներգաղթի եւ արտագաղթածներու նախարարին հետ այցելեց Գահիրէի հայոց թեմի առաջնորդարան, ուր բարձրաստիճան հիւրերը դիմաւորած եւ բարի գալուստ մաղթած է Եգիպտոսի Հայոց թեմի առաջնորդ տ․Աշոտ եպիսկոպոս Մնացականեան:
Հոգեւոր հօր ուղեկցութեամբ նախարարները շրջայց կատարած են առաջնորդարանին մէջ, որուն շնորհիւ աւելի մանրամասն տեղեկութիւններ ստացած են 1860 թուականին կառուցուած շինութեան մասին, ինչպէս նաեւ ծանօթացած են կառոյցի ճարտարապետական ոճի առանձնայատկութիւններուն: Այցելութեան առիթը օրերս կայանալիք Եգիպտոսի հայ համայնքի մեծարման ձեռնարկն է, որ նպատակ ունի խթանել երկու պետութիւններու պատմական կապերու զարգացումը:
Մխիթար Հայրապետեան նոյն օրը Գահիրէի «Պըլըքտանեան» սրահին մէջ հանդիպած է Եգիպտոսի հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ:
Հանդիպումին ներկայ էին Եգիպտոսի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արմէն Մելքոնեան, Եգիպտոսի հայոց թեմի առաջնորդ տէր Աշոտ եպիսկոպոս Մնացականեան, Քաղաքական ժողովի ատենապետ Վահէ Փլադեան, Գահիրէի Հայ դատի պատասխանատու Արմէն Մազլումեան, Գահիրէի թեմական, քաղաքական ժողովի անդամ Պերճ Հալաճան եւ այլք:
Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան հանդիպումին խօսած է Հայաստան-Սփիւռք փոխգործակցութեան աւելի գործնական քայլերուն մասին, կիսուած իր տեսլականով, լսած է եգիպտահայ հայրենակիցներու կարծիքները եւ պատասխանած վերջինները յուզող հարցերուն: