Երեքշաբթի, 11 Սեպտեմբեր 2018-ին՝ առաւօտեան ժամը 10։30-ին, Լիբանանի հայոց թեմի նորընտիր առաջնորդ Գերշ․ Տ․ Նարեկ արք․ այցելեց Թրիփոլի։ Առաջնորդ սրբազանին կ’ընկերակցէին ազգային վարչութեան ատենապետ պրն․ Ռաֆֆի Սիսլեան եւ Ազգային առաջնորդարանի տնօրէն պրն․ Պարոյր Տէր Ղուկասեան։
Ս. Հոգեգալուստ եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն՝ ներկայութեամբ հովիւ Արժանաշնորհ տ․ Ռուբէն քհնյ․ Միսիրեանին, ՀՅԴ «Բերդավայր» կոմիտէին, շրջանի ազգային երեսփոխան տոքթ․ Ֆիլիփ Փարակասեանին, թաղական խորհուրդին, տիկնաց յանձնախումբին, Ազգ․ Նուպարեան-Խրիմեան վարժարանի տնօրէն պրն․ Վաչէ Հարմանտայեանին եւ ուսուցչական կազմին։
Հաւաքին Նարեկ արքեպիսկոպոսը նշեց, որ Թրիփոլին աշխարհագրականօրէն հեռու ըլլալով հանդերձ կը մնայ Ազգային առաջնորդարանի ուշադրութեան կեդրոնը։ Սրբազան հայրը շեշտեց, որ Թրիփոլիի հայութիւնը, հակառակ առկայ դժուարութիւններուն, գնահատանքի արժանի եւ նուիրեալ աշխատանք կը տանի, որ մեծապէս կը նպաստէ հայապահպանման ճիգերուն։
Ապա Ս. Հոգեգալուստ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Կանոնական աղօթք», որմէ ետք առաջնորդ սրբազանը հանդիպում մը ունեցաւ վարժարանի տնօրէնին հետ։ Հաւաքին քննարկուեցան վերամուտի նախապատրաստական աշխատանքներուն ընթացքը եւ նոր ծրագիրները։
Առաջնորդ սրբազանը նաեւ տեսակցութիւն մը ունեցաւ Ս․ Հոգեգալուստ եկեղեցւոյ հովիւին եւ թաղականութեան հետ։ Սրբազան հայրը շեշտեց, որ հարկ է նոր նախաձեռնութիւններու ձեռնարկել, որպէսզի հայորդիները աւելի համախմբուին եկեղեցւոյ եւ ազգային կառոյցներուն շուրջ։
Այցելութեան վերջին կեդրոնը Թրիփոլիի Ազզային գերեզմանատունն էր, ուր առաջնորդ սրբազանը մօտէն ծանօթացաւ կառոյցին եւ աշխատանքներուն ու հոգեհանգստեան աղօթք կատարեց։