Լիբանանի Հայոց Առաջնորդը Այցելեց Ազգային Միացեալ Եւ Եղիշէ Մանուկեան Վարժարանները

Չորեքշաբթի, 5 Սեպտեմբեր 2018-ին՝ առաւօտեան ժամը 10։30-ին, Ազգային միացեալ վարժարան այցելեց Լիբանանի հայոց նորընտիր առաջնորդ Գերշ. տէր Նարեկ արքեպիսկոպոս՝ մօտէն ծանօթանալու վարժարանի կառոյցին եւ գործունէութեան։ Այցելութեան սկիզբը, առաջնորդ սրբազանը շրջագայեցաւ եւ բաժանմունքներուն մասին տեղեկութիւններ ստացաւ վարժարանի կրթական պատասխանատու պրն․ Գրիգոր Էքմէքճեանէն եւ վարչական պատասխանատու օրդ. Նելլի Վէքիլեանէն։

            Ապա տեսչարանին մէջ սրբազան հայրը եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը (ազգային վարչութեան ատենապետ պրն․ Ռաֆֆի Սիլսեան, Ազգային միացեալ վարժարանի ազգային վարչութեան ներկայացուցիչ տոքթ․ Էլի Թաշճեան եւ Ազգային առաջնորդարանի տնօրէն պրն․ Ռաֆֆի Տէմիրճեան) վարժարանի տնօրէնութեան խորհուրդին հետ ունեցաւ աշխատանքային հանդիպում մը։ Սրբազան հայրը հաւաքին ստացաւ համապատասխան տեղեկութիւններ եւ խոստացաւ պարբերական դրութեամբ հետեւիլ վարժարանի աշխատանքներուն՝ նպաստելով վարժարանի զարգացման ճիգերուն։ Այս առիթով, առաջնորդ հայրը մաղթեց, որ 2018-2019 կրթական տարեշրջանը Ազգային միացեալ վարժարանին համար ըլլայ ինքնահաստատման եւ բեղուն գործունէութեան փուլ մը, որուն յաջողութեան մէջ կրթական պատասխանատուներուն եւ ուսուցիչներուն կողքին մեծ դեր ունին ծնողները։

            Իսկ Հինգշաբթի, 6 Սեպտեմբերին առաջնորդ սրբազան հայրը եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը այցելեցին Եղիշէ Մանուկեան վարժարան, ուր հանդիպումը կայացաւ տնօրէնութեան խորհուրդի անդամներ տիկին Անի Բագրատունիի, տիկին Սրբուհի Ճենանեանի եւ օրդ. Սեդա Պոյաճեանի հետ։ Աշխատանքային հաւաքին խորհուրդի անդամները ներկայացուցին վերամուտի նախապատրաստական աշխատանքներուն ընթացքը։

            Նարեկ Սրբազան յայտնեց, որ Հայ դպրոցը լիբանանահայութեան գոյապահպանման մէջ ունի իր խիստ կենսական դերը, որուն աշխատանքը կ’արժեւորուի եւ կ’արդիւնաւորուի հաւաքական, ազգային ու անշահախնդիր մօտեցումներով։ Այցելութեան աւարտին, սրբազանը նաեւ հանդիպում մը ունեցաւ վարժարաններու ուսուցիչներուն հետ։ Հաւաքին առաջնորդը հաստատեց, որ հայ ուսուցիչը պաշտօնեայ չէ, այլ առաքեալ, որ սերունդներու պատրաստութեան մէջ ունի սրբազան պարտականութիւն։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *