Գերշ. Տ. Նարեկ Արք․Ալեէմէզեան Ընտրուեցաւ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ

Երէկ, ուրբաթ, 31 օգոստոս 2018-ին, երեկոյեան ժամը 6։30-ին, Լիբանանի Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը Պէրութի Ազգային Առաջնորդարանի դահլիճին մէջ գումարեց մասնաւոր նիստ, միակ օրակարգ ունենալով թեմի նոր առաջնորդի ընտրութիւնը։

         Ժողովը սկսաւ Գերշ. Տէր Շահէ Եպս. Փանոսեանի աղօթքով, որմէ ետք, Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի ատենապետ՝ պրն. Գառնիկ Մկրտիչեան ներկաներուն ընթերցեց Թեմական Կանոնագրութեան մէջէն առաջնորդի ընտրութեան վերաբերող օրէնքները եւ ներկայացուցանցնող շաբաթներուն, Ազգային Վարչութեան Խառն Ժողովին կողմէ Առաջնորդի ընտրութեան համար տարուած նախապատրաստական աշխատանքներուն պատկերը: Պարզուեցաւ, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գահակալ՝ Ն Ս Օ Տ Տ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ, ընդառաջելով Խառն Ժողովի խնդրանքին, արդէն իսկ ներկայացուցած էր ընտրելի միաբաններու հնգանուն ցանկ մը, բաղկացեալ Կոմիտաս Արք. Օհանեանէ, Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանէ, Մակար Եպս. Աշքարեանէ, Անանիա Ծ. Վրդ. Գուճանեանէ եւ Ղեւոնդ Ծ. Վրդ. Բէնդէզեանէ:

         Պրն. Գառնիկ Մկրտիչեան յայտնեց, որ համաձայն թեմի կանոնագրութեան նախատեսութեան, Վեհափառ Հայրապետին տրամադրած ընտրելիներու ցանկէն կազմած է թեկնածուներու եռանուն ցանկ, որուն մասկը կազմեն Կոմիտաս Արք. Օհանեանի, Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանի եւ Մակար Եպս. Աշքարեանի անունները։

         Այնուհետեւ, ժողովականներուն բաժնուեցան քուէաթղթիկներ, որպէսզի Թեմի կանոնագրութեան16-րդ յօդուածին համաձայն, գաղտնի քուէարկութեամբ տեղի ունենայ Առաջնորդի ընտրութիւնը:

 

Քուէարկութեան աւարտին, Դիւանը կատարեց քուէախոյզ աշխատանքը եւ պարզուեցաւ, որ 34 քուէարկող ազգային Երեսփոխանները միաձայնութեամբ իրենց քուէն տրամադրած են Գերշ. Տէր Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանին:

         Դիւանի անունով, Տիար Գառնիկ  Մկրտիչեան պաշտօնապէս յայտարարեց, որ Գերշ. Տէր Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան երեսփոխանական ժողովի անդամներուն միաձայն քուէով, կ՛ընտրուի Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ:

         Աւարտին, իր սրտի խօսքը արտասանեց Լիբանանի Հայոց Թեմի նախկին Առաջնորդ՝Գերշ.Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան։ Ան վստահեցուց Ազգային երեսփոխանները, որ Ազգ. Երեսփոխաններուն կողմէ արժանաւորներուն մէջէն իբրեւ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ ընտրուած է արժանաւորագոյնը, որ յառաջիկայ վեց տարիներուն, բոլորին գործակցութեամբ թեմական աշխատանքները կրնայ տանիլ դէպի նոր վերելք ու իրագործումներ: Սրբազան Հայրը մաղթեց, որ յառաջիկայ հանգրուանը Լիբանանի Հայոց Թեմի եւ Լիբանանի ընդհանուր կեանքէն ներս ըլլայ ծաղկուն վերելքի շրջան մը, եւ յիշեցուց, որ վաղը առաւօտուն, Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի դիւանին կողմէ ընտրութեան արդիւնքը պաշտօնապէս պիտի փոխանցուի Ն Ս Օ Տ Տ Արամ Վեհափառ Հայրապետին, առ ի պաշտօնական վաւերացում:

         Ժողովը փակուեցաւ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ»-ով, որմէ ետք, յիշատակի լուսանկարի համար, ժողովականները հաւաքուեցան Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ մուտքին:

         Յիշեցնենք, որ Կիրակի, Սեպտեմբեր 2, 2018-ին, Լիբանանի Հայոց Թեմի նախկին Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Շահէ Եպս. Փանոսեան պիտի մատուցէ հրաժեշտի Ս. Պատարագ: Պատարագի միջոցին, առաւօտեան ժամը ճիշդ 11:00-ին, Ս. Նշան Եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ նաեւ Լիբանանի Հայոց Թեմի նորընտիր Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանի պաշտօնական դիմաւորութիւնը: Այնուհետեւ, նորընտիր Առաջնորդը իր անդրանիկ պատգամը պիտի փոխանցէ հաւատացեալ մեր ժողովուրդին: Ս. Պատարագի աւարտին, Առաջնորդարանի դահլիճին մէջ Ազգային Վարչութիւնն ու նորընտիր Առաջնորդը պիտի ընդունին ներկաներուն շնորհաւորութիւնները մինչեւ յետ միջօրէի ժամը 2:00:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *