Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Հանդիպում Ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահի Եւ Արցախի Հանրապետութեան Նախագահի Հետ

Ապրիլ 26-ին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան այցելեցին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուր տեղի ունեցաւ հանդիպում Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հետ:

Հանդիպումին կը մասնակցէին Մայր Աթոռ պաշտօնավարող եպիսկոպոսները, հայաստանեան թեմերու առաջնորդները եւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամներ:

Նորին Սրբութիւնը հոգեւոր դասի անունով մտահոգութիւն յայտնեց հայրենի երկրին մէջ տեղ գտած քաղաքական զարգացումներու հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակով: Վեհափառ Հայրապետը կարեւորեց, որ քաղաքական գործընթացները ըլլան անցնցում եւ օրինականութեան շրջանակին մէջ: Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը յոյս յայտնեց, որ համընդհանուր ջանքերով, երկխօսութեան միջոցով քաղաքական ճգնաժամը հանգուցալուծման պիտի առաջնորդուի՝  նկատի առնելով ազգային շահերը, ի մասնաւորի Արցախի ժողովուրդի ապահով ու անվտանգ կեանքը եւ հայոց պետականութեան անսասանութիւնը:

Առկայ իրավիճակի եւ վերջինիս յաղթահարման ուղիներուն վերաբերեալ լուսաբանութիւններ տուին Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահները, պատասխանեցին հոգեւոր դասի հարցումներուն:

Զրոյցի ընթացքին կարեւորուեցաւ հայրենիքի մէջ ներքաղաքական կայունութեան ապահովումը եւ գործընթացներու իրականացման ճամբուն վրայ օրէնքի եւ սահմանադրութեան անխաթար պահպանումը:

 

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *