Սուրիոյ պատերազմին ընթացքին զինեալ ահաբեկիչներ Հոմսի Սբ. Մեսրոպ եկեղեցւոյ եւ Ազգ. Սահակեան Վարժարանի շէնքը գրաւելով՝ զայն վերածած էին հիւանդանոցի: Ապա աւեր գործելով վնասած էին շէնքն ու թալանած եկեղեցիին եւ վարժարանին կահն ու կարասին:
Տարիներ ետք առաջին անգամ կրկին ղօղանջեցին եկեղեցւոյ զանգերը, սակայն այս անգամ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան աւետիսով:
Երկուշաբթի, 2 Ապրիլ 2018-ին Դամասկոսի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Արմաշ Եպս. Նալպանտեանը, այցելեց Հոմսահայ հաւատացեալները եւ Սուրբ Մեսրոպ Եկեղեցւոյ մէջ կատարեց Սուրբ Յարութեան արարողութիւն եւ բաշխեց Սուրբ Հաղորդութիւն: Ապա Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հաւատացեալներէն ընդունեց շնորհաւորանքներ Զատկական տօնական եւ հաւկթախաղի մթնոլորտին մէջ:
Յետարարողութեան Սրբազան Հայրը այցելեց Ազգ. Գերեզմանատուն եւ կատարեց հոգեհանգիստ ի յիշատակ մեռելոց:
Դիւան Ազգ. Առաջնորդարանի
Դամասկոս 2 Ապրիլ 2018