Նախագահ Բակօ Սահակեան Հանդիպեցաւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Միացեալ Պատուիրակութեան Հետ

Արցախի հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Չորեքշաբթի, 21 Մարտ 2018-ի յետմիջօրէին Լիբանանի մէջ Հայաստանի հանրապետութեան  դեսպանատան մէջ  հանդիպում մը ունեցաւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի  միացեալ պատուիրակութեան  հետ:  Հանդիպման  կը մասնակցէր Լիբանանի մէջ Հայաստանի հանրապետութեան դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանը:

Արցախի նախագահին կ’ընկերակցէին Արցախի հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանը, Արցախի  հանրապետութեան  նախագահի մամլոյ   խօսնակ Դաւիթ Իշխանեանը, Միջին Արեւելքի մէջ Արցախի   հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեանը եւ Արցախի  պաշտօնատար այլ անձեր:

Հանդիպման  ընթացքին քննարկուեցան Արցախի եւ ՀԲԸՄ-ի փոխգործակցութեան առնչուող  հարցեր:  ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի ներկայացուցիչները յայտնեցին, թէ  ինչպէս անցեալին, այնպէս ալ ներկայիս եւ ապագային ՀԲԸՄ-ը եւ ՀԵԸ-ը  պիտի մատուցեն  Հայաստանի  եւ Արցախի  վերելքին եւ բարգաւաճման իրենց անմնացորդ  ծառայութիւնները:

Նախագահ  Բակօ Սահակեան ամփոփ ներկայացուց արցախեան հակամարտութեան շուրջ արձանագրուած նորագոյն զարգացումները: Ան  երախտագիտութիւն յայտնեց  ՀԲԸՄ-ի ղեկավարութեան, ի մասնաւորի  նախագահ  մեթր Պերճ Սեդրակեանին  եւ անդամներուն՝  քաղաքական, տնտեսական,  մարդասիրական  ոլորտներու մէջ Արցախին մշտապէս սատարելու համար՝ բարձր  գնահատելով ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի  հայրենանուէր աշխատանքը:

ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ  ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ  ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *