Հովանաւորութեամբ Լիբանանի Հայ Համայնքի Ընկերային Ծառայողներու Միութեան եւ կազմակերպութեամբ ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ Յատուկ Դաստիարակութեան Կեդրոնին, 26 եւ 27 Փետրուար 2018-ին, Զուարթնոցի վերջին եօթը տարիներու նստավայր՝ Հայ Աւետարանական Ընկերային Ծառայութեան Կեդրոնի սրահին մէջ, Թրատ, Պուրճ Համուտ, տեղի ունեցաւ Ընկերային Կեդրոններու Վարչագիտական տեսական եւ կիրառական յատուկ գիտազրոյց (սեմինար):
Սեմինարի գաղափարը եւ բոլորանուէր աշխատանքը կը բխէր ֆրանսահայ դասախօս Դոկտ. Սիլվիա Թօփուզխանեանի կողմէ, որ գործակցաբար Լիոնի Ֆրանսա-Հայաստան Յատուկ Դաստիարակութեան ALFHA կազմակերպութեան հետ, հինգ ֆրանսացի մասնագէտներու կատարողութեանբ 1999-ին իրականացուցած էր Զուարթնոց Կեդրոնի Ա. բազմակողմանի գիտաժողովը՝ Լիբանանի մէջ գործող միեւնոյն նպատակը հետապնդող բոլոր կեդրոններուն համար, Հայկազեան Համալսարանի մէջ:
Սիլվիա ԹՕՓՈՒԶԽԱՆԵԱՆ, Ուղղախօսուհի, (Speech therapist / orthophoniste) Լեզուագիտութեան Դոկտոր, Առողջապահութեան Աւագ Ղեկավարուհի, Դասախօս է Լիոնի Շրջանի Առողջապահութեան Ղեկավարներու Պատրաստութեան Հիմնարկին մէջ: Ան նաեւ նախագահուհին է Ուղղախօսութեան Հետազօտութեան Եւ Արժեւորման Զարգացման Ազգային Միութեան (UNADREO):
Վարչագիտական սոյն զրոյցներուն նպատակն էր նպաստել պատասխանատու տարրին կազմաւորման աշխատանքին, որպէսզի ան ալ իր կարգին յառաջացման իր գիտութիւնը օգտագործէ ի շահ դաստիարակներու անհատական թէ խմբային յառաջխաղացքին՝ գերագոյն դրդապատճառ ունենալով իւրաքանչիւր աշակերտի բարելաւումը:
Ամբողջ երկու օր համայնքի գործօն 9 ընկերային ծառայողներ հայերէն լեզուով եւ հաղորդական եղանակով հետեւեցան տեսական, գործնական եւ կիրառական ցուցմունքներու, ինչպէս՝
- Վարչագիտական ժողովներու կազմակերպութիւն, վարում,
- Պաշտօնէութեան ընտրութիւն, տեսակցութիւններ, հարցերու լուծում,
- Պաշտօնէութեան աշխատանքի արժեւորում տարեսկիզբին ու աւարտին, բանակցութիւններ:
Սեմինարի վերջաւորութեան դասախօսուհին մասնակիցներուն փոխանցեց իր պատրաստած բոլոր համակարգչային աշխատանքները, որպէսզի ներկաներ կարենան վերյիշել ու խորացնել իրենց գիտութիւնը:
Հաճելի ու միանգամայն հազուագիւտ առիթ մըն էր ներկաներուն համար մեր մայրենիով կատարելու փորձ- դերակատարութիւններն ու սերտելու ընկերային-վարչագիտական այս էական գիտութիւնները:
Խորին շնորհակալութիւն դասախօսուհիին եւ Զուարթնոց Կեդրոնի պատասխանատուներուն:
Ջանք, աշխատանք ու կորով Զուարթնոցի 31-րդ նոր երթին:
Վարչութիւն ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ Կեդրոնի