Պէյրութի մէջ երէկ հանդիսաւոր կերպով նշուեցաւ Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթի հիմնադրման 110-ամեակը: Այս առիթով Պոլիսէն Պէյրութ ժամանած էր թերթի խմբագիր Արա Քոչունեան, որ ձեռնարկին ելոյթ ունենալով հանգամանաւոր կերպով անդրադարձաւ թերթի ծաւալած գործունէութեան, ինչպէս նաեւ խօսեցաւ պոլսահայ համայնքի մասին:
Բացի այդ, սոյն ձեռնարկին ընթացքին ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան Հայկազեան համալսարանի Նախագահ Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան ու Սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան: