Սուրիական տագնապին եւ պատերազմին մէջ հայ համայնքին կրած կորուստներուն եւ վնասներուն մէջ առանձին տեղ կը գրաւէ Հայ Ծերանոցը։
Ըստ «Գանձասար»-ի հաղորդած տեղեկութիւններուն՝ Հալէպ քաղաքի ամբողջական ազատագրումէն ետք եւ Հայ Ծերանոցի տարածաշրջանին պետութեան հակակշռին տակ մտնելէն ետք, հայ երեք համայնքապետները եւ Ազգ. Իշխանութեան ներկայացուցիչները յատուկ այցելութիւն մը տուին Հայ Ծերանոց եւ «Արեւիկ» կեդրոնի քանդուած շէնք Կիրակի, 25 Փետրուար 2018-ի կէսօրին։