Երկուշաբթի, Փետրուար 19-ի առաւօտեան Հայաստանի Ա․ հանրապետութեան հարիւրամեակի լիբանանահայ կեդրոնական մարմինը յաջորդաբար այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա․ կաթողիկոսին եւ Հայաստանի արտակարգ ու լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանին։
Վեհափառ հայրապետի հետ կայացած հանդիպումին մարմինը մանրամասնօրէն զեկուցեց 100-ամեակի ծրագիրներուն մասին եւ իրազեկ դարձաւ վեհափառին կողմէ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան այս առիթով կազմակերպած ձեռնարկներուն։ Վեհափառ հայրապետը անհրաժեշտ նկատեց մեծ շուքով նշելու Հայոց պատմութեան պատմադրոշմ այս իրագործումը, ինչպէս նաեւ նորահաս սերունդին մէջ դարբնելու անոր նշանակալից դերն ու պատգամը։
Վեհափառը անդրադարձաւ նաեւ կաթողիկոսարանի շրջափակին մէջ կառուցման վերջին հանգրուանին գտնուող Հայաստանի Ա․ հանրապետութեան նուիրուած յուշակոթողի մասին եւ ներկայացուց անոր բացման հանդիսութեան առնչուած մանրամասնութիւնները։ Կիլիկիոյ Աթոռի գահակալը կարեւորութեամբ նշեց այն հանգամանքը, որ Հայաստանի Ա․ հանրապետութիւնը կերտած սերունդի ներկայացուցիչներէն ու նուիրեալներէն կարեւոր մաս մը հաստատուած է Լիբանան եւ դերակատար դարձած է լիբանանահայ գաղութի կազմաւորման հոլովոյթին։ Հետեւաբար այս երեւոյթը նաեւ անհրաժեշտ է լուսարձակի տակ բերել 100-ամեակի առիթով։
Այնուհետեւ մարմինը այցելեց Հայաստանի հանրապետութեան դեսպանատուն եւ հանդիպում ունեցաւ դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի եւ դեսպանատան անձնակազմին հետ։ Այս հանդիպումին արծարծուեցան կեդրոնական մարմինի եւ դեսպանատան ծրագիրները, ինչպէս նաեւ շեշտը դրուեցաւ համագործակցութեան ու նախաձեռնութիւններու համադրումին վրայ։ Դեսպան Մկրտչեան հաստատեց, որ այսօրուան հանրապետութիւնը բնական շարունակութիւնն է 28 Մայիսով կերտուած պանծալի իրագործումին եւ անհրաժեշտ է արժանավայել ձեւով լուսարձակի տակ բերել այս պատմական ու հպարտառիթ նուիրագործումը։
Յայտնենք, որ յառաջիկային մարմինը մամուլի ճամբով լիբանանահայութիւնը իրազեկ պիտի դարձնէ 100-ամեակի բոլոր նախաձեռնութիններուն մասին։