Լիբանանի փինկ փոնկի 21 տարեկանէն փոքրերու ախոյեանութեան մրցումները ընթացան ՀԵԸ-կան՝ Նինա եւ Աննա Մարգարեան քոյրերու տիրապետութեամբ, որոնք հազուադէպ զուգադիպութեամբ, իրարու դէմ մրցեցան աւարտական մրցումին:
ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութի մարզուհի Նինա Մարգարեան շահեցաւ 21 տարեկանէն փոքրերու փինկ փոնկի Լիբանանի ախոյեանութեան տիտղոսը: Աւարտական մրցումին Նինա՝ 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր քոյրը՝ Աննա Մարգարեանը: Աննա՝ երկրորդ հանդիսացաւ:
Ախոյեանութեան մրցումները կայացան, Երեքշաբթի, 5 Սեպտեմբեր 2017-ին, փինկ փոնկի Լիբանանի ֆետերասիոնին հովանաւորութեան տակ, Մոն լա Սալի մէջ:
Քառորդ աւարտականի մրցումներուն Նինա Մարգարեան՝ 3-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց ՀՄԸՄ-ական Միրէյ Պոյաճեանը: Աննա Մարգարեան՝ 3-1 արդիւնքով յաղթեց Նանսի Մումճողլեանին (ՀՄԸՄ):
Կիսաւարտական փուլի մրցումներուն, Նինա Մարգարեան՝ 3-1 արդիւնքով յաղթեց Փաթրիսիա Հոմսիին( Մոն լա Սալ), իսկ Աննա Մարգարեան, միեւնոյն արդիւնքով՝ Միներվա Ապպուտին( Տար էլ Նուր):
Փինկ փոնկի ֆետերասիոնի նախագահ Սելիմ էլ Հաժ շնորհաւորեց Մարգարեան քոյրերը, անոնց հանդիսաւորապէս յանձնելով ախոյեանութեան եւ փոխախոյեանի բաժակները:
Կը շնորհաւորենք ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութի մարզուհիներ Նինա եւ Աննա Մարգարեանը, ինչպէս նաեւ ՀԵԸ-ի փինկ փոնկի կազմերու մարզիչ Սահակ Պիտինեանը այս գնահատելի յաջողութիւններուն առիթով:
Գնահատանքի խօսք նաեւ ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի Գործադիր Մարմինի անդամներուն, որոնց հետեւողական եւ հոգատար աշխատանքներուն արգասիքներէն մէկն է ՀԵԸ-ի փինկ փոնկի դպրոցին նորագոյն այս յաջողութիւնը:
ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ