Չորեքշաբթի, 23 Օգոստոս 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10։00-ին, Ազգային միացեալ վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ վարժարանի տնօրէն խորհուրդ իմ ուսուցչական կազմի եւ կրթական պատասխանատուներու անդրանիկ ժողովը, նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ․ Տ․ Շահէ Եպս․ Փանոսեանին։
Հաւաքին խօսք առաւ Թեմի Ազգային վարչութեան ատենապետ պրն․ Յակոբ Հաւաթեան, որ նշեց թէ Ազգային միացեալ վարժարանի ծրագիրը աւելի քան քսան տարիներու ընթացքին գաղութային կարեւորագոյն առաջադրանքներէն մէկը հանդիսացած է։ Ան յայտնեց, որ շնորհիւ իրերայաջորդ պատասխանատուներու վճռակամութեան եւ ճիգերուն, գալիք օրերուն իրականութեան կը վերածուի: Ան շեշտեց, որ վարժարանի նոր անձնակազմը կը գտնուի հաւաքական պատասխանատուութեան մը դիմաց եւ պարտականութիւնը ունի մարտահրաւէրները յաղթահարելու՝ արդիական եւ ժամանակակից այս կառոյցէն ներս հիմերը դնելու ազգային կրթութեան սրբազան գործին։ Իր խօսքին մէջ, Պրն․ Յակոբ Հաւաթեան նաեւ յոյս յայտնեց, որ վարժարանի անձնակազմը համահաւասար չափով մասնակից դառնալով Ազգային Միացեալ Վարժարանի զարգացման եւ վերելքի աշխատանքներուն, միասնաբար բաժնէ մտահոգութիւնները, քննէ ծրագիրները եւ ըստ այնմ առնէ հաստատ եւ շինիչ քայլեր։ Պրն. Հաւաթեան ներկայացուց Ազգային միացեալ վարժարանի տնօրէն խորհուրդի, ուսուցչական կազմի, զանազան բաժիներու պատասխանատուներու եւ համակարգողներու անունները։ Իր խօսքի աւարտին Պրն․ Յակոբ Հաւաթեան յայտնեց, որ աշակերտներու արձանագրութիւնները ստեղծած են մեծ խանդավառութիւն եւ քաջալերական մթնոլորտ, հաստատելով որ կրթական վերամուտի կազմակերպչական աշխատանքները կ’ընթանան ճշդուած ժամանակացոյցով եւ բնականոն ընթացքով։
Ուսուցիչներու լուսաբանական հարցումներէն ետք, եզրափակիչ խօսք արտասանեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ․ Տ․ Շահէ Եպս․ Փանոսեան, որ նշեց թէ այս կառոյցը մեր ժողովուրդի տրամադրութեան տակ կը դրուի, որովհետեւ հայ դպրոցը կարիքը ունէր նոր կարելիութիւններու, որպէսզի ժամանակակից կեանքի պահանջներուն համաձայն, մեր մեծագոյն դրամագալուխը համարուող մեր ժողովուրդի զաւակները, առողջ եւ արդիական պայմաններու մէջ ստանան իրենց դաստիարակութիւնը։ Սրբազան Առաջնորդը շեշտեց, որ այդ դաստիարակութեան մատակարարումը կը վստահինք մեր ուսուցիչներուն, որոնք ոչ միայն դպրոցական այս նոր համալիրէն ներս կրթական անդրանիկ տարեշրջանը պէտք է սկսին խանդավառութեամբ, այլեւ իրենց աշխատանքով մասնակից դառնան այս նոր կառոյցով համայնական մեր կեանքէն ներս տեղի ունենալիք իրագործումներուն ու նոր զարգացումներուն: