Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի ընտրութիւնները նախաձեռնող խումբը՝ ընտրութիւններու իրականացման ամսաթիւին վերաբերեալ՝ առաջարկ ուղարկած է Սթամպուլի նահանգապետարան:
Ըստ պոլսահակայ «Ակօս» թերթին՝ նախաձեռնող խումբը, իբրեւ պատուիրակներու ընտրութեան ամսաթիւ, առաջարկած է 2017-ի Դեկտեմբեր 10-ը, իսկ պատրիարքի ընտրութիւններուն համար` Դեկտեմբեր 13-ը:
Նահանգապետարան ուղարկուած փաստաթուղթը ստորագրուած է Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի տեղապահ Գարեգին Պէքճեանի կողմէ:
Նախաձեռնող խումբի նախնական որոշման համաձայն` Դեկտեմբեր 10-ին հայկական համայնքը պէտք է ընտրէ պատուիրակներ, իսկ պատուիրակներն ալ՝ Դեկտեմբեր 13-ին` պատրիարք:
Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանը, Յուլիսին, տեղապահ Գարեգին արքեպիսկոպոս Պէքճեանի տնօրինութեամբ՝ Սթամպուլի նահանգապետարան ներկայացուցած էր պատրիարքական ընտրութիւն իրականացնելու խնդրագիրը:
Խնդրագիրին հետ նահանգապետարան ներկայացուած են հանգստեան կոչուած Պոլսոյ պատրիարք Մեսրոպ արքեպիսկոպոս Մութաֆեանի առողջական վիճակին մասին բժշկական տեղեկագիրները, ինչպէս նաեւ անոր համար խնամակալ կարգելու մասին դատական որոշումը:
Խնդրագիրին մէջ ներկայացուած են նաեւ 2017 Մարտ 15-ին գումարուած Եկեղեցական համագումար ժողովին ժամանակ պատրիարքական տեղապահի ընտրութեան արդիւնքները:
Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանին մէջ 2016 Հոկտեմբեր 26-ին կայացած եկեղեցական ժողովին ժամանակ քննարկուած էր այն հարցը, որ 2008 Մայիսէն պատրիարք Մեսրոպ Մութաֆեանը դադրած է պաշտօնավարելէ եւ պատրիարքական աթոռի ընթացիկ գործերը կատարելու համար պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ ընտրուած է Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեանը:
«Եկեղեցական կանոններն ու աւանդոյթը ուխտի լուծարման համար բաւարար կը համարեն եօթը տարուան բացակայութիւնը: Հետեւաբար, Պատրիարքի ութ տարուան բացակայութիւնը կը հաստատէ «պատրիարքական ուխտ»-ի լուծարումը: 2015 թուականի դատաբժշկական յանձնախումբին տեղեկագիրով վաւերացուած է Պատրիարքի ոչ գործուն ըլլալու հանգամանքը:
Վերոնշեալ փաստերը կը հաստատեն, որ Պատրիարքական աթոռը մնացած է «թափուր»: Ուստի Ժողովական Հայրերը միաձայն որոշած են «հանգստեան կոչուած» համարել Ն. Ա. Տ. Մեսրոպ Բ. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ անուանել զայն «պատրիարք ի Հանգստեան»,- ըսուած էր ժողովի արդիւնքներով ընդունուած զեկոյց: