Շաբաթ, 5 Օգոստոս 2017-ի երեկոյեան, Նահր ալ Քելպի » Տը Լեճընտ» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան հովանիին տակ գործող՝ AGBU FOCUS – 2017-ի մասնակից Երիտասարդ Արհեստավարժներու համախմբումին ճաշկերոյթը:
Աւելի քան երեք հարիւր յիսուն ներկաներ ըմբոշխնեցին հաճելի երեկոյ մը, որուն ընթացքին ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Արին» պարախումբը, 26 պարող-պարուհիներ, «Նինօ» եւ արաբական պարով հրապուրեցին ներկաները, ստեղծելով խանդավառութիւն եւ արժանացան ներկաներուն բուռն ծափերուն:
«Արին» պարախումբի տիկնաց վարչութեան անդամուհիներ Անի Պապահեքեան, Կարինէ Փամպուքեան, Ճէյրան Կապուտակեան եւ Շողիկ Թաքաճեան փութաջանօրէն հետապնդեցին պարախումբին նախապատրաստական աշխատանքները:
Գնահատանքի խօսք նաեւ օգնական պարուսոյց Արազ Ռասքելենեանին, որ գլխաւոր պարուսոյց եւ գեղարուեստական ղեկավար Գայիանէ Մածունեանի բացակայութեան, հետեւեցաւ պարախումբի փորձերուն: