*ԱՒԵՏԻՍ ՏԻՊԱՆ*
«Զարթօնք»ի Աշխատակից
«Կարենալու համար ապրիլ այսուհետեւ,
Օդի, ջուրի, հացի նըման,
Մենք պէտք ունինք Հպարտութեան.
Պէտք ունինք որ՝ մեր անունն ալ սա՛ւառնաթեւ
Երկրէ երկիր թռչի երթայ.
Հնչեցընել կ’ուզենք զանի
Ինչպէս շէփո՛ր մ’երկրի վըրայ.»
Վ. Թէքէեան
Սփիւռքի մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ 1947-ին հիմնուած Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը՝ կոչուած ըլլալով հայ բանաստեղծութեան իշխան Վահան Թէքէեանի անունով, հպարտութեամբ ու հաստատակամ քայլերով կը շարունակէ իր ազգապահպան եւ հայրենանուէր գործունէութիւնը, նախախնամութիւնն ու նախահոգութիւնն ունենալով իրապաշտ եւ ազգանուէր ղեկավար հայորդիներու՝ Հրաչեայ Սեդրակեանի, Բարունակ Թովմասեանի, Գերսամ Ահարոնեանի, Համբարձում Պերպերեանի, Յովսէփ Եոզկաթլեանի, Հայկաշէն Ուզունեանի եւ Յակոբ Դաւիթեանի: Միութեան նպատակն է պահպանել հայ ժողովուրդի մշակութային ժառանգութիւնը, ստեղծել դպրոցներ եւ ուսուցանել հայ լեզուն, պատմութիւնը, գրականութիւնը, կրօնը, արուեստներն ու գիտութիւնը, ինչպէս նաեւ պատրաստել ազգային գործիչներ եւ օժանդակել ուսանողներուն, որոնք կը նուիրուին հայագիտութեան։
ԹՄՄ-ի հիմնադրութիւնը նոր էջ մը բացաւ հայ մշակոյթի ժառանգութեան պահպանումին՝ նոր աւիշ եւ երանգ տալով անոր յետագայ զարգացումներուն:
ԹՄՄ-ը փաստեց, թէ ան ջահակիրն է հայ ժողովուրդի անժամանցելի մշակոյթին եւ բարձրաճակատ ու «Սաւառնաթեւ Երկրէ երկիր կը թռչի ու կ’երթայ. հնչեցնելով զայն, Ինչպէս շէփո՛ր մ’երկրի վրայ»:
Աշխարհով մէկ տարածուած ԹՄՄ-ի անունը կրող կեդրոնները փառապանծ կերպով կը նշեն միութեան 70 ամեակը, ոյժ տալով անոր վերելքին, հայապահպանութեան եւ հայրենակերտման գործընթացին:
Բարձր հովանաւորութեամբ ՀՀ Սփիւռքի եւ Մշակոյթի նախարարութիւններուն, գործակցութեամբ Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան, կազմակերպութեամբ ԹՄՄ Լիբանանի Տեղական վարչութեան, Հայրենիքի մէջ տեղի ունեցան երկու մեծ գեղարուեստական իրադարձութիւններ՝ «Հայկական երաժշտութիւնը լիբանանեան կատարմամբ» խորագիրով համերգը, գեղարուեստական ղեկավար Ռիթա Աղտամալեան-Ասիլեանի, որ տեղի ունեցաւ 6 Յուլիս 2017-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին Առնօ Պապաջանեան համերգասրահին մէջ: Իսկ երկրորդը 7 Յուլիս 2017-ին «4 սերունդ, վճռականութեան ոգին» խորագիրով ցուցահանդէս-վաճառքը Երեւանի պատմութեան թանգարանին մէջ, որուն մէջ կ’ընդգրկէր 4 տարբեր սերունդներու ներկայացուցիչներ Սահակ, Արփինէ, Սարին Ոսկեաններու, Դանիա եւ Լենա Այտընեաններու, ինչպէս նաեւ Սելին Չաղլասեանի գեղանկարչական աշխատանքները, մանրաքանդակներ եւ լուսանկարներ: Սոյն ձեռնարկները լայնածաւալ լուսաբանութեամբ տեղ գտան Պէյրութի «Զարթօնք» օրաթերթի 10 Յուլիս 2017 թուակիր համարին մէջ:
Սոյն ձեռնարկներու յաջողութեան համար ՀՀ Սփիւռքի նախարար Տիկ. Հրանոյշ Յակոբեան Սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան նպաստելու եւ հայ մշակոյթը պահպանելու ու զարգացնելու համար Լենա Այտընեանին եւ Ռիթա Ասիլեանին յանձնեց Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ յատուկ պատուոգիրեր, Ինչպէս նաեւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Լիբանանի տեղական վարչութեան ատենապետ Տոքթ. Վիգէն Ասիլեանը պարգեւատրեց ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան ոսկէ շքանշանով՝ Հայրենիք-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման նպաստելու եւ հայապահպանութեան գործին մէջ իրենց ունեցած աւանդին համար:
Այս ծիրէն ներս, Հայրենիք գտնուող Պէյրութի ԹՄՄ-ի տեղական վարչութեան պատուիրակութիւնն ու ձեռնարկներուն մասնակից անդամները հիւրընկալուեցան Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժինի տնօրէն՝ Նաթան արքեպիսկոպոս Յովհաննիսեանի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մօտ Լիբանանի արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան Տիար Ժան Մաքրոնի կողմէ, որոնք իրենց կարգին օրհնեցին մասնակիցները եւ գնահատեցին անոնց կազմակերպած հայանպաստ եւ փառապանծ ձեռնարկները:
Այցելելով Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան, ԹՄՄ-ի վարչութիւնն ու անդամները նաեւ հիւրընկալուեցան թանգարանի Տնօրէն Տիար Հայկ Տէմոյեանի կողմէ, որուն յանձնեցին արուեստի 4 նկարչապատկերներ որոնք ցուցադրուած էին Հինգշաբթի, 20 Ապրիլին Լիբանանի «Պիպլոս», Ժպէյլի քաղաքապետութեան մշակութային կեդրոնի պարտէզին մէջ տեղի ունեցած եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցին նուիրուած «Վրձինով կը մերժենք եւ կը պահանջենք…» խորագրով ցուցահանդէսին, զոր կազմակերպած էր Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը, Լիբանանի ՀՀ դեսպանութեան եւ Պիպլոսի քաղաքապետարանի հետ համագործակցութեամբ։
Առ ի գնահատանք սոյն ձեռնարկին, Ցեղասպանութեան թանգարանի տնօրէնը ԹՄՄ տեղական վարչութեան ատենապետ Տօքթ. Վիգէն Ասիլեանին յանձնեց վկայագիր՝ առ ի գնահատանք ԹՄ Միութեան թանգարանի հանդէպ ցուցաբերած նեցուկին համար:
ԹՄՄ-ի 70 ամեակի այս ձեռնարկները չէին կրնար յաջողիլ առանց վայելելու բարոյական ու շնորհակալ նեցուկը այն ազգայիններուն, որոնց հոգակատար ներշնչումով է որ պսակուեցան սոյն ձեռնարկները: Այս առթիւ, կու գանք գնահատանքի մեր խօսքը ուղղել բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին մեր գործունէութեանց. ի մասնաւորի՝ ՀՀ Սփիւռքի նախարար Տիկ. Հրանոյշ Յակոբեանին ու անոր ժրաջան աշխատակիցներուն. մանաւանդ Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի հայ համայնքներու աշխատակից՝ օրդ. Ժենիա Կիւլպէնկեանին, ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան հայրենադարձութեան եւ հետազօտութիւններու վարչութեան աշխատակից՝ օրդ. Մարինա Յարութիւնեանին, Լիբանանի մօտ ՀՀ Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան՝ Տիար Սամուէլ Մկրտչեանին, Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան հայ համայնքի հետ տարուող աշխատանքներու դիւանագիտական կցորդ՝ Տիար Վլատիմիր Պօղոսեանին, ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի Ատենապետ՝ Ընկ. Յակոբ Գասարճեանին, ինչպէս նաեւ «Զարթօնք»ի խմբագրութեան:
Շողշողուն ապագայ եւ անպարտելի երթ կը մաղթենք ԹՄՄ-ին: