ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Պարգեւատրեց Կրթական Եւ Հասարակական Ոլորտի Լիբանանահայ Գործիչներ

Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ձեռամբ  վերջերս պարգեւատրուեցան կրթական եւ հասարակական ոլորտի լիբանանահայ գործիչներ:

Պարգեւատրուողներուն շարքին էր (որոնց մասին յաջորդաբար կ՛անդրադառնանք) հոգեւոր եւ ազգային երգերու Լիբանանահայ կատարող Անայիս Կետիկեան: Տիկին Կետիկեան Հայ երգի բնագաւառին իր նուիրումին համար ստացաւ ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան «Պատուոգիր»-ը:

Այս առիթով «Զարթօնք» իր ջերմ շնորհաւորութիւնները կը յայտնէ թերթիս հաւատարիմ ընթերցող Տիկ. Անայիս Կետիկեանին, այս առիթով նաեւ թերթիս բարեկամ իր ամուսնոյն՝ Տիար Աւետիս Կետիկեանին, մաղթելով անսպառ ձայն եւ արեւշատութիւն:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *