Ընդառաջելով Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան «Դուն ի՞նչ կ’ընես Արցախի համար» կոչին, Լիբանանի հայ Աւետարանական կրթական համադրող յանձնախումբը, յանուն Լիբանանի Հինգ Հայ Աւետ. վարժարաններու աշակերտութեան, պատրաստեց «Արցա՛խ, մեր հպարտութիւնն ես» խորագրով ձայնասկաւառակ մը, որ կը պարփակէ Արցախի նուիրուած 14 երգեր՝ զանազան երաժշտական ոճերով:
Ձայնասկաւառակի վաճառքէն գոյացած հասոյթը պիտի տրամադրուի Հայ Աւետարանակչական ընկերակցութեան Արցախի «Շող» ծրագիրին, որ կը նպատակադրէ Շուշիի մէջ ընկերային դժուար վիճակներ դիմագրաւող մանուկներու ընկերային կեանքը բարելաւել զանազան գործունէութիւններով:
Կողքի նկարը՝ գործ Զեփիւռ Գրիգորեանի (Հայ Աւետ. Շամլեան վարժարանի Է կարգի աշակերտ ):