Լիբանանի Մէջ ՀՀ Դեսպանութեան Հայ Համայնքի Հետ Տարուող Աշխատանքներու Դիւանագիտական Կցորդ՝ Վլատիմիր Պօղոսեանի Այցելութիւնը Պէյրութի Վահան Թէքէեան Միջնակարգ Վարժարանին

ՀՀ Սփիւռքի նախարարութիւնը կը մշակէ եւ կ’իրականացնէ Հայաստան – Սփիւռք գործակցութեան զարգացման, Հայաստանի, հայ ժողովուրդի վարկանիշը ամրապնդող համահայկական նպատակային ծրագիրներու մշակման, կը նպաստէ համահայկական կրթական ծրագիրներու իրականացման, Սփիւռքի հայկական դպրոցներու հանրակրթական եւ դպրոցներու զարգացման, կ’աջակցի հայապահպանման գործունէութեան, մշակութային ժառանգութեան պահպանման, զարգացման եւ տարածման:

       Այս տեսակէտէն մեկնելով, Պէյրութի Վահան Թէքէեան Միջնակարգ վարժարանը 2016-2017 տարեշրջանին ունեցաւ աշխոյժ գործունէութիւն մը: Վերջերս վարժարանս այցելած էին նախարարութեան աշխատակիցներէն Ժենիա Կիւլպէնկեան՝ Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի հայ համայնքներու վարչութեան աշխատակից, ինչպէս նաեւ՝ Մարինէ Յարութիւնեան՝ Սփիւռքի նախարարութեան հայրենադարձութեան եւ հետազօտութիւններու վարչութեան աշխատակից: Իսկ Ուրբաթ, 16 Յունիս 2017-ին, վարժարանս այցելեց Լիբանանի մէջ  ՀՀ դեսպանութեան հայ համայնքի հետ տարուող աշխատանքներու դիւանագիտական կցորդ՝ Վլատիմիր Պօղոսեան, որ պաշտօնապէս տնօրէնութեան փոխանցեց շնորհակալագիր մը Մայրենիի Տօնին նուիրուած «Իմ Քաղցր Լեզու» թեմայով շարադրութիւններու մրցոյթին աշխուժօրէն մասնակցելու համար:

հայ զինուորներէն նամակներ

         Հետեւաբար, ստացանք ՀՀ Սփիւռքի նախարար Տիկ. Հրանոյշ Յակոբեանի կողմէ գիրքեր, նուիրուած վարժարանիս Միջն. Ա., Բ. եւ Գ. դասարաններու աշակերտներուն, որոնք մասնակցած էին սոյն շարադրութեան մրցանքին եւ Հայկական Բանակի՝ Իւնիֆիլի մէջ տեղակայուած հայ զինուորներուն նուիրուած նամակներով մասնակցելու համար:

         Մեր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնենք ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան նման նախաձեռնութեան մը համար:    

Վահան Թէքէեան Վարժարանի
Լրատուական Գրասենեակ

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *