Արցախը Այսօր՝ 2016-ին Կորսուածը 2017-ին ետ Պիտի Բերուի՝ Դեռ Բան Մըն ալ՝ Աւելի

ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

Եթէ 2016-ին, Ապրիլեան պատերազմի հետեւանքով, Արցախ այցելած արտասահմանցի զբօսաշրջիկներուն մէջ որոշակի նուազում արձանագրուեցաւ, 2017-ին, սակայն, կրնանք ոչ միայն կորսուածը փոխհատուցել, այլեւ նկատելի աճ ունենալ. տնտեսութեան նախարարութեան պատասխանատուները վստահ են` ոչ թէ 2016, այլ 2015 թուականի համեմատ՝ 2017-ին Արցախ այցելած միջազգային զբօսաշրջիկներուն թիւը առնուազն 20 տոկոսով աւելի պիտի ըլլայ:

2017 Յունուար-Մարտին Արցախ այցելած է 1076 զբօսաշրջիկ, նախորդ տարուան 695-ի դիմաց: Աճի քայլերը աւելի նկատելի դառցան Ապրիլ եւ Մայիս ամիսներուն: Ըստ Տնտեսութեան նախարարութեան զբօսաշրջութեան վարչութեան տուեալներուն` 2017 Ապրիլին զբօսաշրջիկներուն թիւը կազմած է 1196 նախորդ տարուան նոյն ամսուան 695-ի փոխարէն, այսինքն` արձանագրուած է 42% աճ, իսկ Մայիսին զբօսաշրջիկներուն թիւը կազմած է 2020 նախորդ տարուան նոյն ամսուան 909-ի փոխարէն` արձանագրելով 222% աճ: Ապրիլեան պատերազմին պատճառով՝ դժուար էր զբօսաշրջութեան համար. Ապրիլէն յետոյ Արցախ միջազգային զբօսաշրջիկներու թիւը շօշափելի կերպով նուազած էր: Առարկայական ըլլալու համար՝ Տնտեսութեան նախարարութեան զբօսաշրջութեան վարչութեան ծրագիրներու կառավարիչ Արտակ Գրիգորեանը 2017-ի ցուցանիշները 2015-ի ցուցանիշներուն հետ կը համեմատէ: 2016-ը, «Այս տարուան թիւերը բաւական յուսադրող են: Մայիս ամսուան համար ունինք զբօսաշրջիկներու թիւի մօտ 25 տոկոս աճ: Իսկ 2017-ի առաջին 5 ամիսներուն աճը կը կազմէ մօտ 17 տոկոս»,- կը մանրամասնէ Արտակ Գրիգորեանը: -«Մեր դիտարկումներով՝ աճի այս միտումը պիտի պահմանուի եւ մինչեւ տարեվերջ պիտի հատէ 20-30 տոկոսի սահմանը»:

Զբօսաշրջիկներու աւանդական նախասիրութիւնները շատ չեն փոխուած: Սակայն, նաեւ որոշակի նոր միտումներ կան, կը նշէ զբօսաշրջութեան վարչութեան ծրագիրներու կառավարիչը. «Աւանդական ուղղութիւնները՝ Շուշի, Գանձասար, Տիգրանակերտ, կը շարունակեն մնալ առաջատարները: Նաեւ Ամարասի ուղղութիւնը բաւական աշխոյժ է: Անոնց զուգահեռ՝ աստիճանաբար նոր ուղղութիւնները կը հանրահռչակուին: Հարաւային երթուղիին մէջ արդէն իր տեղը ունի Տողի մելիքական ապարանքը՝ շրջակայ զբօսաշրջավայրերով: Հիւսիսային երթուղին աշխուժացման նոր հնարաւորութիւն ունի եւ անոր ազդեցութիւնը արդէն կը զգանք. խօսքը Վարդենիս-Մարտակերտ ճանապարհին մասին է: Բարեկարգ ճանապարհը այդ ուղղութեամբ այցերու աշխուժացման կարեւոր պայմաններէն մէկն է»:

Այսքանը աւանդական-ճանաչողական զբօսաշրջութեան մասին: Տնտեսութեան նախարարութեան պատասխանատուները անոր զուգահեռ նոր հնարաւորութիւններու մասին կը խօսին: Նոր ծրագիրներէն քանի մը հատը արդէն մեկնարկած է: «Կը փորձենք ներկայացնել արկածային զբօսաշրջութեան հնարաւորութիւնները: Անոր ուղղուած որոշակի քայլեր արդէն հասցուցած ենք կատարել: Մասնաւորապէս, աշխատանքներ կը տանինք «Ճանապարհ թրէյլ» հետիոտն երթուղիի հանրահռչակման ուղղութեամբ: Անոր ուղղուած էր նաեւ Հայ լեռնագնացներու միութեան նախաձեռնութեամբ եւ Թելմա Ալթունի մասնակցութեամբ վերջերս իրականացուած գերմարաթոնը: Քայլեր կ’առնուին նաեւ Ստեփանակերտի օդակայանի զբօսաշրջային ներուժը օգտագործելու ուղղութեամբ: Մասնաւորապէս, արդէն իրողութիւն է Արցախի մէջ զբօսաշրջային թռիչքներու իրականացումը՝ գերթեթեւ ինքնաթիռներով: Իսկ վերջերս ալ օդակայանի մէջ «Օդային փառատօն» կազմակերպեցինք՝ ներգրաւելով ոչ միայն փոքր օդանաւը, այլ նաեւ օդապարիկ ու պարապլան»,- կը թուարկէ Արտակ Գրիգորեանը եւ կը վստահեցնէ, որ շարք մը ծրագիրներ ալ դեռ քննարկման փուլի մէջ են: Մինչեւ տարեվերջ անակնկալներ կը խոստանայ: Խնդիր դրուած է մէկ կողմէն Արցախի մէջ զբօսաշրջային ժամանակահատուածը երկարացնելու, միւս կողմէն՝ պայմաններ ապահովել, որ Արցախ ժամանած զբօսաշրջիկը աւելի երկար մնայ:

Ստեփանակերտ

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *