Դպրեվանքը Սփիւռքի այն իւրայատուկ կառոյցներէն մին է, որ իր ուսերուն վրայբարձած է մարդուժ մատակարարելունուիրական առաքելութիւնն ու սրբազան պատասխանատուութիւնը։ Անցնող 87 տարիներու ընթացքին Դպրեվանքը մնաց հաւատարիմ իր առաքելութեան մէջ՝ հայ ժողովուրդին ընծայաբերելովհոգեւորականներ, ազգային գործիչներ եւ ուսուցիչներ։ Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ գործող Դպրեվանքը, այս տարի եւս, առաւել յանձնառութեամբ եւ պատախանատուութեան բարձր գիտակցութեամբ, բոլորեց իր կրթական-ուսումնական 87-րդ տարեշրջանը։
Նկատի ունենալով, որ այս տարի 65-ամեակն է Ս. Աստուածածին մատրան, Դպրեվանքի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 18 Յունիս 2017-ի երեկոյեան, Ս. Աստուածածին Վանքի շրջափակին մէջ գտնուող համանունմատրան հովանիին ներքեւ՝ նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ մասնակցութեամբ միաբան հայրերուն, ուսուցչական կազմին եւ Դպրեվանքի բարերարներուն, բարեկամներուն, ծանօթներուն եւ Դպրեվանքի առաքելութեան հաւատացող ու սատարող հայորդիներուն։
Ամավերջի հանդէսը սկիզբ առաւԴպրեվանքի քայլերգով, որմէ ետք բացման խօսքով հանդէս եկաւ Դպրեվանքի փոխ-տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Գարեգին Վրդ. Շխրտմեան։Հայր Սուրբը իր խօսքին մէջ բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, հերթաբար ներկայացուց յայտագիրին ընթացքը։ Առաջին հերթին, խումբ մը դպրեվանեցիներ հոգեւոր երաժշտութիւն մատակարարեցին ներկաներուն՝ կիթառի կատարումով. որմէ ետք բեմ բարձրացան այլ տաղանդաւոր դպրեվանեցիներ եւ իրենց տաղանդը արտայայտեցին հայ բարձրորակ երաժշտութիւն հրամցնելով ներկաներուն՝ դաշնամուրի ճամբով։ Ապա, Բարշ. Աւետիս Սրկ. Ասայեան, յանուն աւարտական դասարանի աշակերտութեան, եւ առ ի երախտագիտութիւնիրենց ութամեայ խնամքին եւ հոգածութեան Դպրեվանքէն ներս, ընթերցեց ուղերձ։ Ուղերձի ընթերցումէն ետք, դպրեվանեցիներ հայկական տուտուկին կատարողութեամբ, Կոմիտասիհրաշագործ յօրինումներով դիւթեցին ներկաները։ Ապա, Դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Դպրեվանքի հսկիչ՝ Հոգշ. Տ. Զաւէն Աբղ. Նաճարեանին, հայ մշակոյթի գոհարներով եւ կրօնական ու ազգային երգերու շունչով ներշնչեցհանդիսատեսները։
Գեղարուեստական յայտագիրէն ետք, բեմ բարձրացաւ Դպրեվանքի Տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեան, որպէսզի ներկայացնէ Դպրեվանքի տարեկան տեսչականտեղեկագիրը։ Հայր Սուրբը իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Աստուածային օգնականութեամբ եւ երկնային բարեխնամ տնօրինումով, մենք այսօր ականատես կը դառնանք Դպրեվանքի 86 հատորներէ բաղկացած պատմութեան մատենաշարին վրայ 87-րդ հատորի մը յաւելումին։ Պարզ դպրոցական հանդէս մը չէ այստեղ կատարուածը, այլ մարդակերտման առաքելութեան հսկայածաւալ պատմութեան վրայ իր տարեկան յաջողութիւններով ու իրագործումներով էջեր է որ կ՚աւելցնէ Դպրեվանքը»։
Ապա, Տեսուչ Հայր Սուրբը բեմ հրաւիրեց Վեհափառ Հայրապետը, որպէսզի աւարտական դասարանի աշակերտները Վեհափառ Հայրապետին ձեռամբ ստանան իրենց դպրեվանքեան հոգեմտաւոր կազմաւորման ութ տարիներու արգասիքը հանդիսացող վկայականները։
Վկայականաց բաշխումէն ետք, Նորին Սրբութիւնը անգամ մը եւս վեր առաւ Դպրեվանքի լոյսի աղբիւր ըլլալու եւ լոյս ջամբող հայակերտումի ու մարդակերտումի կեդրոն ըլլալու իրականութիւնը։ Վեհափառ Հայրապետը յատկապէս շեշտեց. «Մարդակերտումը եւ հայակերտումը սովորական բառեր չեն մեզի համար։ Ուսում ջամբելը դիւրին է, սակայն մարդուն մէջ մա՛րդը կերտելը, նկարագի՛ր կազմելը շատ դժուար է,եւ ահա այս առաքելութեան է լծուած մերԴպրեվանքը։ Այս օրերուն մանաւանդ, սփիւռքեան մեր իրականութեան մէջ, մեր բոլոր գաղութները, մարդու կարիքը ունին։ Ուր ալ նայինք, ինչ մակարդակի վրայ ալ գտնուինք, մարդուժի պակասը միշտ ալ զգալի է։Դպրեվանքը իր սրբազան առաքելութեամբ այս բացն է որ մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ կը փորձէ լեցնել, եւ այս իմաստով հայ Սփիւռքը շատ բան կը պարտի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան»։
Օրուան հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ «Ի վեհ բարձանց» մաղթերգի եւ «Կիլիկիա» քայլերգի երգեցողութեամբ։ Յայտնենք, որ ներկաները ստացան Դպրեվանքի «Գլաձոր» Տարեգիրքը, որ արտացոլացումն է ուսանողներու հոգեմտաւոր աշխատանքին։