Լեհաստանի տարբեր քաղաքներու մէջ, պետութիւնը, այս տարուան ընթացքին հանդիսաւորապէս նշեց հայ համայնքի հիմնադրութեան 650-ամեակը: Այս առիթով տեղի ունեցան մեծաշուք հանդիսութիւններ, որոնց մասնակցեցան Լեհաստանի նախագահը, վարչապետը, կառավարութեան եւ խորհրդարանի անդամներ: Լեհ իշխանութիւններ յատուկ արժեւորեցին երկրի յառաջդիմութեան մէջ հայ համայնքին մատուցած բազմակողմանի ծառայութիւնները :
Տօնական այդ օրերուն, Երեքշաբթի 6 Յունիս 2017-ին, Լեհաստանի Զապժէ քաղաքին մէջ տեղի ունենալիք գծագրութեան միջազգային մրցանքին մասնակցելու նպատակով Լիբանանը ներկայացնող ութ անձերէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը մեկնեցաւ Լեհաստան: Սոյն պատուիրակութեան մաս կը կազմէին տէր եւ տիկին պետական երեսփոխան Շանթ Չինչինեան, ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի Երէցներ Կարէն Պասմաճեան, Ալեքս Առաքելեան եւ Քառավել՝ Լուչիանա Քարապաճաքեանը:
Ինչպէս անցեալ տարի, այս տարի եւս լիբանանեան պատուիրակութիւնը ջերմ ընդունելութեան արժանացաւ Զապժէի մէջ: Կազմակերպիչները յարմարաւէտ պայմաններ ստեղծած էին աշխարհի տարբեր երկիրներէ ժամանած աւելի քան երկու հարիւր մրցորդներուն համար:
Մրցոյթը զուգադիպելով հայ համայնքի հիմնադրութեան 650-ամեակին առիթով մայրաքաղաք Վարշաւայի մէջ կազմակերպուած գլխաւոր հանդիսութեան, լիբանանեան պատուիրակութիւնը շոգեկառքով մեկնեցաւ մայրաքաղաք՝ Վարշաւա: Պատուիրակութիւնը Վարշաւայի մէջ դիմաւորեց ՀԵԸ-ի երկարամեայ պատասխանատու վարչականներէն տոքթ. Արտեմ Նաճարեանը:
Հանդիսութեան ընթացքին խօսք առնողները բարձր գնահատեցին երկրի վերելքին մէջ հայ համայնքին ունեցած դերակատարութիւնը: Ապա տեղի ունեցաւ տօնակատարութիւն, որուն ընթացքին՝ զանազան մարզախաղեր: ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի տղոց մասնակցութեամբ միացեալ խումբը շահեցաւ ֆութպոլի բաժակը: Վարշաւա կեցութեան ընթացքին լիբանանեան պատուիրակութիւնը արժանացաւ ջերմ ընդունելութեան: Անոնք նաեւ ժամանակ ունեցան այցելելու հայկական մշակութային եւ պատմական կեդրոններ:
Լիբանանեան պատուիրակութիւնը Կիրակի, 10 Յունիս 2017-ի ուշ գիշերին փայլուն տպաւորութիւններով վերադարձաւ Պէյրութ:
ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ